login
Յօդուածներ
«Արի Տուն» Ծրագիրի Մասնակիցները Ծանօթացան Հայկական Առցանց Կրթութեան 08/25/2017

2017-ի ամրան, ՀՀՀ-ը հիւրընկալեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի Տուն» ծրագիրի 880 մասնակիցները։ Յունիս եւ Օգոստոս ամիսներուն, ութ հանդիպումներու ընթացքին, ՀՀՀ-ի անձնակազմը հանդիպեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած երիտասարդ մասնակիցներուն հետ եւ ներկայացուց այն հնարաւորութիւնները, որոնք հասանելի են ՀՀՀ-ի ծրագիրի շնորհիւ։

Ամենամեայ այսպիսի հանդիպումներ առիթ կը հանդիսանան ՀՀՀ-ին, իր գործունէութիւնը ընդարձակ լսարանին ներկայացնելու եւ նոր ուսանողներ ներգրաւելու։ ՀՀՀ-ի դասաւանդման նորարարական մօտեցումը, համացանցը հաղորդակցութեան առաջնահերթ միջոց համարող ուսանողներուն համար հոյակապ առիթ է։

ՀՀՀ-ի եւ Սփիւռքի Նախարարութեան նպատակն է ամրապնդել երիտասարդներու կապը հայկական արմատներուն եւ հայրենիքին հետ։ «Արի Տուն» ծրագիրի շնորհիւ երիտասարդները Հայաստան կ՚այցելեն, իսկ վերադառնալէ ետք ՀՀՀ-ի շնորհիւ կը շարունակեն բացայայտել իրենց ազգային ինքնութիւնը եւ առաւել ամրապնդել կապը հայրենիքի հետ։

Այս համատեղ ծրագիրի կարեւորութիւնը այն է նաեւ, որ սփիւռքի երիտասարդներէն շատեր զրկուած են հայկական դպրոց յաճախելու, կամ հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ սորվելու հնարաւորութենէն։ Կրթական այս առաւելոււթենէն բացի ՀՀՀ-ը կ՚օգնէ, որ աշխարհով մէկ տարածուած հայերը իրարու միանան եւ հանդիսանան աշխարհասփիւռ համայնքի մէկ մասնիկը։