login
Յօդուածներ
Ապու Տապիի Հայկական Դեսպանատունը ՀՀՀի Տնօրէնը Կը Հիւրընկալէ 12/16/2010
2010 թուականի Դեկտեմբեր 16ին Ապու Տապիի հայկական համայնքի կազմակերպած ձեռնարկի ընդգրկած շրջանակներէն ներս Արաբական Էմիրութիւններու ՀՀ դեսպանատունը հիւրընկալեց Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր եւ տնօրէն, ՀԲԸՄ Տնօրէններու Կեդրոնական Խորհուրդի անդամ Տոքթոր Երուանդ Զորեանը: Աշխարհի տարբեր կողմերը սփռուած հայկական համայնքներուն մէջ ծանօթացման նպատակով տեղի ունեցող այցելութիւններէն մէկն էր նաեւ վերոյիշեալը, որ ՀԲԸՄ նորագոյն կրթական ծրագիրը, Հայկական Համացանցային Համալսարանի բացառիկ առաքելութիւնը ներկայացնելուն կը միտէր: Ձեռնարկը կազմակերպած խորհուրդը ծնողներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն, երիտասարդներուն եւ բոլոր հետաքրքրուող անձանձ եւ կազմակերպութիւններուն նախապէս ծանուցած էր տեղի ունենալիք եղելութիւնը եւ անոր նշանակալիութիւնը համայնքին համար: Յայտարարութիւնը մասնաւորաբար ընդգծած էր. «Ասիկա մեծ եւ լուրջ նախաձեռնութիւնն մըն է, որ մեր կրթական համակարգին մէջ յեղափոխական նշանակութիւն ունի: Այս ծրագիրը մեզի եւ աշխարհասփիւռ բոլոր հայերուն կարելիութիւն կ’ընձեռէ սորվիլ մեր մայրենի լեզուն գերարդիական եւ առաջատար ճարտարագիտական նուաճումներու օգնութեամբ»: Ձեռնարկը որ ԱԷի ՀՀ դեսպանատունին մէջ տեղի ունեցաւ: Այն սկսաւ Ապու Տապիի հայ համայնքի խորհուրդի տնօրէն Պարոն Սուրէն Կոճակեանի բացման խօսքով: Ան համառօտ ներկայացուց հիւրի կենսագրութիւնը, որմէ ետք Տոքթոր Զորեանը ողջունեց ներկաները: «ՀՀՀ մեծ ազդակ հանդիսացաւ եւ մեծապէս նպաստեց հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի պահպանման ազգային պայքարի առաջընթացին», - ըսաւ Զորեան: «Ես ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը փափաքիմ հրաւիրել որ ան դառնայ ՀՀՀի դեսպանը իր համայնքի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, տարածէ լուռը եւ մասնակիցը դառնայ ազգային այս սուրբ գործին: ՀՀՀ կը ձգտի եւ կը փորձէ հասնիլ իւրաքանչիւր անհատի եւ խումբի, որ շահագրգռուած է հայերէնով, որ կը փնտռէ հայկական կրթութիւն, կը ցանկանայ շփուիլ հայկական մշակոյթին: Ես յոյս ունիմ որ դուք, Ձեր ընտանիքները եւ ընկերները մօտօրէն մեր ծրագիրին մէկ գործուն անդամը կը դառնաք, որպէս մասնակից ուսանող կամ ունկնդիր, հայ ժողովուրդի եզակի ինքնութիւնը եւ պատմական հարուստ ժառանգութիւնը աւելի լաւ հասկնալու, Ձեր ազգի մշակոյթը եւ պատմութիւնը աւելի լաւ, մօտէն եւ մանրամասն ընկալելու եւ ճանչնալու, ինչպէս եւ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող Ձեր ազգակիցներուն հետ շփուելու եւ հաղորդակցուելու համար»: Տոքթոր Զորեանը իր խօսքը աւարտելէ ետք ներկաներուն հետաքրքրող հարցերուն պատասխանեց: Ձեռնարկի աւարտին համայնքի շարք մը գործուն ներկայացուցիչներ եւ անդամներ, ինչպէս Պարոն Գրիգոր Մահսերէճեանը, Տիկին Անթուանէթ Երէցեանը, իրենց կարծիքը արտայայտեցին ծրագիրի առնչութեամբ եւ բարձր գնահատեցին այն, ինչպէս նաեւ իրենց աջակցութիւնը առաջարկեցին ՀՀՀին: Պարոն Ճոն Տուտիկեանը հաստատեց. «մենք իսկապէս տպաւորուած ենք եւ ուրախ որ ստեղծուած է ու արդէն կը գործէ հայութեան համար կենսական մեծ նշանակութիւն ունեցող նման ծրագիր, ծրագիր մը որ կրնայ բաւարարել հայերու կարիքները»: Ձեռնարկի աւարտին ԱԷի մօտ ՀՀ դեսպան Պարոն Վահագն Մելիքեանը հաւաստեց. «Ես միշտ պատրաստեմ համագործակցելու եւ աջակցելու Ձեզի այս հիանալի գաղափարները իրագործելու համար»: Մասնակիցները խորապէս ազդուած եւ ոգեւորուած, նշեցին որ ամէն մէկը իր կարելին պիտի ընէ ՀՀՀին օժանդակելու եւ անոր գործունէութեան ծիրը ընդայնելու համար, այդ կերպ նպաստելով հայկական կրթութեան աշխարհի տարբեր անկիւնները տարածելու գործին. «Մենք կը խօսինք եւ կը պատմենք բոլորին այս եզակի հաստատութեան մասին եւ կը խրախուսենք անոնց որ օգտուին Ձեր ընձեռած հնարաւորութիւններէն», - ըսաւ համայնքի անդամներէն մին: Այդ ընթացքին ներկաներէն շատեր արդէն կ’արձանագրուէին Հայկական Համացանցային Համալսարանի Գարնանային ուսումնական շրջանին մասնակցելու համար, որ պիտի սկսի 2011 թուականի գարնան ամիսներուն: