login
Յօդուածներ
Հայկական Համացանցային Համալսարանը ArmTech Համաժողով’15-ին 10/12/2015
12 եւ 13 Հոկտեմբեր 2015- ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ArmTech համաժողով’15-ը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայկական Համացանցային Համալսարանը: ArmTech համաժողովը շահոյթ չհետապնդող ընդհանուր ցանց է, որուն նպատակն է լուսաբանել Հայաստանի ճարտարագիտութեան բարձր ոլորտի աճը եւ զայն դարձնել ճանաչելի բոլորի կողմէ: Հայկական Համացանցային Համալսարանի ակադեմական տնօրէն Դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը համաժողովին հանդես եկաւ «Նորագոյն ճարտարագիտութիւնը Հայկական Կրթութեան Մէջ. ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Ներդրումը Այս Ասպարէզի Մէջ» խորագիրը կրող ելոյթով: Ներկայացնելով Հայկական Համացանցային Համալսարան ստեղծելու գաղափարը, Յասմիկ Խալափեանը նշեց, որ աւանդական մեթոտներով երկիրի պատմութիւնը եւ լեզուն սորվելու հետաքրքրութիւնը, հայ երիտասարդի մօտ, կամաց- կամաց կը նուազի: Անդին, հակառակ օնլայն կրթութեան ոլորտին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, հայկական կրթական ծրագիրները լիարժէքօրէն չեն օգտուիր օնլայն կրթութեան բոլոր առաւելութիւններէն: Հայկական Համացանցային Համալսարանը հիմնուած է կրթութեան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար: Դոկտոր Խալափեանը նշեց, որ ՀՀՀ-ն, առցանց կրթութեան ոլորտի մէջ ունեցած աւելի քան 6 տարուան փորձառութեամբ, կրնայ հարթել անընդհատ զարգացող այս խնդիրը։