login
Յօդուածներ
Կաղանդի Տօնակատարութիւնը 12/25/2014
Ամէն տարի, Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի նախօրեակին, ուրախ տրամադրութիւնը կը թափանցէ Հայկական Համացանցային Համալսարանը: Կաղանդի տօնակատարութիւնները կը սկսին ՀՀՀ-ի գրասենեակի մէջ, ապա, ուրախ տրամադրութիւնը կը տարածուի աշխարհի տարբեր երկիրներ, ընդգրկելով ՀՀՀ-ի հազարաւոր ուսանողները: 2015-ի սեմին, իւրաքանչիւր ուսանող ե՜ւ շնորհաւորական բացիկ ստացաւ ՀՀՀ-ի Անձնակազմի կողմէ, ե՜ւ մասնակցեցաւ այս առթիւ յատուկ կազմակերպուած ընկերային-մշակութային միջոցառմին։ «Կաղանդի Տօնակատարութիւն» ընկերային-մշակութային միջոցառումը նուիրուած էր Հայկական Կաղանդին։ Այսօր, համաշխարայնացումի այս օրերուն , երբ Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւններու աւանդոյթները ընդօրինակուած եւ միահիւսուած են, Կաղանդի ազգային աւանդութիւններու եւ սովորութիւններու իւրայատկութիւնը զարմացուց ՀՀՀ-ի ուսանողները։ Անոնք հաղորդակից դարձան հայկական մշակոյթի մէկ նոր էջին: ՀՀՀ-ի միջազգային լսարանը գիտցաւ, որ Կաղանդը կը նշուէր Նաւասարդ ամսուան առաջին օրը («նաւ» կը նշանակէ «նոր» , իսկ «սարդ»՝ «տարի»): Հայկական հին տոմարի համաձայն, Նաւասարդը տարուան առաջին ամիսն էր։ Նաւասարդ 1-ը, այսօրուան օրացոյցով կը համընկնի Օգոստոս 11-ին։ Այդ օրը, ըստ աւանդութեան նախահայր Հայկը յաղթեց Բելին: Օգոստոսը, նաեւ, պտուղի եւ բերքի ժամանակաշրջանն էր։ Այդ պատճառով ալ Կաղանդի տօնակատարութիւններէն կարգ մը արարողութիւններ նուիրուած էին յաջորդ տարուան բերրիութեանը: Հին ժամանակ, հեթանոս հայերը առատ բերք խնդրելու համար կը դիմէին չաստուածներուն, յատկապէս Ամանորին եւ Վանատուրին, որ հիւրընկալութեան չաստուածն էր: ՀՀՀ-ի ուսանողները ծանօթացան նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նշած Սուրբ Ծննդեան տօնի առանձնայատկութիւններուն։ Միջոցառմի ընթացքին ուսանողները գիտցան, թէ ինչո՞ւ հայերը Սուրբ ծնունդը կը նշեն Յունուար 6-ին, ի տարբերութիւն կաթոլիկ աշխարհի, որ կը նշէ Դեկտեմբեր 25-ին: Մասնակիցները «Կաղանդի Տօնակատարութիւն» միջոցառումը շատ սիրեցին: Անոնց յատկապէս հետաքրքրեց Կաղանդի հնագոյն սովորոյթները, աւանդութիւնները, այս առթիւ պատրաստուող համեղ ուտեստները եւ տօնակատարութիւններու ընթացքին հնչող գեղեցիկ երգերն ու բանաստեղծութիւնները։ Իսկապէս գոհ էին ու շնորհակալ։ Անոնք մաղթեցին, որ Կաղանդ Պապան օնլայն ուսուցիչներուն այցելէ, իր հետ բերելով բազմաթիւ անակնկալներ եւ նուէրներ։