Քրիսթին Սերճէնեանի Համացանցային Փորձառութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ
08/31/2011
Եթէ Ձեր հայրը կամ մայրը հայ է եւ դուք ծնած ու ապրած էք երկրի մը մէջ, ուր հայկական համայնք չկայ, եւ միաժամանակ Դուք Ձեր արմատները բացայայտելու եւ հայերէն սորվելու մեծ փափաք ունեցած էք, ի՞նչ կ\'ընէիք:
Որոշապէս այս խնդիրը Նիւ Եորքի Քուինզ քաղաքի բնակիչ երիտասարդ հայուհի-ամերիկուհի Քրիսթինին համար էական նշանակութիւն ունեցած է: Ան Փէյս համալսարանէն (Pace University) մանկավարժութեան մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած է եւ հիմա որպէս ուսումնարանի խորհրդատու եւ յատուկ իրավիճակներու տեսչութեան վերակացու կ\'աշխատի Children Harlem Zone-ի College Success Officeին մէջ:
Ընտանիքի կրտսեր Քրիսթինը եղբայր մը եւ քոյր մը ունի: Անոր հայրը հայ է, որ փոխադրուած է Իսթանպուլէն, մինչդեռ մայրը՝ իրլատացի: Մեծնալով Ութերուիլ գիւղաքաղաքին մէջ, ան կարելիութիւն չէ ունեցած հայկական ամենօրեայ կամ կիրակնօրեայ դպրոց յաճախելու, որովհետեւ Ութերուիլի մէջ հայկական վարժարաններ չկային: Իր ցանկութիւնը իրագործելու տեսակէտէն աննպաստ պարագաներուն հակառակ Քրիսթին միշտ հետաքրքրուած է հայութեամբ, հայութեանը յուզող հարցերով: Անոր հետաքրքրութիւնը աւելի կը խորանայ, երբ միջնակարգ դպրոցին մէջ սորվելու տարիներուն ինքնութեան գաղափարը աւելի լաւ կը սկսի ըմբռնել: Պատանեկութեան տարիներէն Քրիսթին իր սեփական ինքնութիւնը կը սկսի ձեւաւորել:
«Ծննդավայրս, ուր մեծցած եմ, բազմամշակութային չէր, եւ միւս պզտիկները իրենց վերաբերմունքով ակնյայտօրէն եւ մշտապէս իմ «տարբեր» ըլլալս կ\'ընդգծէին»,- կ\'ըսէ Քրիսթին: «Անոնք յաճախ իմ ուտելիքիս, զոր ամէն օր դպրոց կը տանէի, բոլորէն տարբեր իմ արտաքինիս, անսովոր մականունիս եւ այլնի մասին հարցումներ կը հարցնէին: Այդ էր պատճառը, որ ես անընդհատ զանազան հարցումներ կը հարցնէի ընտանիքիս, կը փորձէի հասկնալ թէ ինչ էր տարբերութիւնը, իսկ հայրս եւ մայրս իմ մէջս հայ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ հպարտութիւնը կը սերմանէին»:
Իրեն պէս ծնողներէն մին հայ եղող դասընկերոջ մը հետ Քրիսթին շատ անգամներ հայոց պատմութիւնը կը ներկայացնէր իր միւս դասընկերներուն: Երբ ան Պրաուն Համալսարան (Brown University) եկաւ ընկերաբանութիւն ուսանելու, յաճախ Փրովիտընս (Րոտ Այլընտ) հայկական եկեղեցի կ\'այցելէր: Համալսարանը ուսանած տարիներուն հայ ուսանողներու միութիւն մը ստեղծեց: Բայց եւ այնպէս առանց հայերէն գիտնալու եւ հայկական սովորութիւններուն ծանօթ ըլլալու հայկական համայնքին կեանքին մասնակցիլը, գործուն ներգրավուածութիւնը դիւրին չէր անոր համար:
2008ին Քրիսթին իբրեւ հայ կամաւորներու խումբի անդամ Birthright Armenia ծրագիրի շրջանակներէն ներս առաջին անգամ Հայաստան այցելեց,: Ան քանի մը ամիս Երեւան ապրեցաւ, հայ հիւրընկալ ընտանիքի մը հետ եւ որպէս կամաւոր Counterpart Internationalի մէջ աշխատեցաւ:
«Երկիրը շատ գեղեցիկ էր, սակայն միաժամանակ շատ դժուար էր յարմարուիլ, քանի որ հայերէն չէի գիտեր»,- ըսաւ ան: Հակառակ ասոր երեք ամիս Հայաստանի մէջ ապրելէ ետք քրիսթին որոշ չափով հայերէն սորվեցաւ: «Ես հաստատապէս Հայաստան անգամն ալ կը փափաքիմ երթալ: Հողին հետ կապուածութիւն կը զգամ, ինչպէս եւ սորված հայերէնս կ\'ուզեմ կիրառել եւ կատարելագործել»:
Նիւ Եորք վերադառնալէ ետք Քրիսթին սորված հայերէնը չմոռնալու եւ այն զարգացնելու համար զանազան ձեւեր կը փնտռէ: Անոր որոնումները իրեն կը հասցնեն Հայաստան Համացանցային Համալսարան (ՀՀՀ), որուն շրջանաւարտներէն մէկուն խորհուրդով Քրիսթին կ\'արձանագրուի արեւելահայերէնի դասընթացքին: Ան արդէն յաջողութեամբ աւարտած է երեք ուսումնական դասընթացք՝ սկսնակներէն մինչեւ միջին մակարդակ: «Ես ուզեցի հայերէն սորվիլ ՀՀՀին հետ, որովհետեւ հայերէն խօսելու եւ մտածելու կարելիութիւն չունիմ միշտ եւ որպէսզի հայաստան սորվածս չկորսնցնեմ»,- ըսաւ Քրիսթին: «Դասընթացքներուն օգնութեամբ գրելու եւ կարդալու հմտութիւններու զարգացումը մեծապէս նպաստեց ինքնուրոյն սորվելու կարողութեան ձեռքբերմանը, ինչպէս եւ ինքնավստահութիւն ներշնչեց լեզուի կիրառման առումով»:
ՀՀՀի աշխատանքային կազմին, համացանցային կրթութեան դասախօսներուն եւ շրջանաւարտներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող արդիւնաւէտ աշխատակցութիւնը կ\'արեւելէ ծրագիրին բարձր որակը եւ իր առաքելութիւնը իրականացնելու եւ յաւերժացնելու ունակութիւնը: «Ինծի համար իսկապէս շատ հաճելի եւ բեղմնաւոր փորձառութիւն մըն էր ՀՀՀի ուսանող ըլլալը: Մարինա Խաչատուրեանը, որ երեք ուսումնական շրջաններուն ընթացքին իմ դասախօսս եղաւ, շատ բան տուաւ եւ միշտ օժանդակեց, որ յաղթահարեմ բոլոր դժուարութիւնները»,- ըսաւ Քրիսթին: «Համոզուած եմ որ ինծի պէս անձի մը համար, որ հայկական համայնք, վարժարաններ եւ հայկական միութիւններ չունեցող վայրէ մը եկած է, այս համացանցային դասընթաքները անփոխարինելի եւ անգնահատելի են»:
Արեւելահայերէնի բոլոր դասընթացքները աւարտելէ ետք Քրիսթին կը փափաքի նաեւ մասնակցիլ ՀՀՀի հայոց պատմութեան դասընթացքներուն: Իր փորձը եւ ձեռքբերածը Քրիսթինին դրդեցին որ ան իր քրոջը, որ նոյնպէս կ\'ապրի Քուինզ գիւղաքաղաքին մէջ, ընկերներուն եւ մտերիմներուն առաջարկէ հետեւիլ Համալսարանի դասընթացքներուն:
Քրիսթինը հիմա հայաստանի մէջ հանդիպած դժուարութիւնները կը յիշէ՝ հայերէնին չտիրապետելու պատճառով. «Կը կարծեմ թէ այն կամաւորները, որոնք հայերէն խօսելու եւ հասկնալու նուազագոյն կարողութիւն ունէին, անհամեմատ աւելի նպաստաւոր եւ շահեկան պայմաններու մէջ էին, քանի որ անոնք երկիրը աւելի լաւ ճանչնալու կարելիութիւնը ունեցան, ընկերներ կրցան ձեռք բերել եւ ինքզինքնին օտարական չզգացին»,- ըսաւ Քրիսթին: «Կը փափաքիմ վերադառնալ Հայաստան եւ տեսնել տարբերութիւնը: Ինծի համար ամբողջապէս նոր փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ, հայերէն խօսիլս եւ հասկնալս հասարակութեան հետ մտերիմ յարաբերութիւններ մշակելուն մեծապէս պիտի օգնէ»: