Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի (ՀՀՀ) «ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ» ծրագիրը բոլորեց իր գործունէութեան 5-րդ ամեակը: Այս ծրագիրին նպատակն է առցանց ուսուցման եւ հաղորդակցման միջոցով մասնակիցներուն ծանօթացնել հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան արժէքները:
Այս առթիւ, Մարտ 2-ին տեղի ունեցաւ «Լուսիկ Ագուլեցիի տուն-թանգարանը եւ Ազգային տօներու հոյակապ աշախարհը» խորագիրով առցանց ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին մասնակիցները ծանօթացան հայկական աւանդական տօներուն՝ Սուրբ Սարգիսին, Տեառնընդառաջին եւ Բարեկենդանին: Լուսիկ Ագուլեցիի տուն-թանգարանի տնօրէն, ասմունքող Գայիանէ Սամուէլեան ներկայացուց այդ տօները եւ խօսեցաւ աւանդութիւններու եւ ժամանակակից տօնակատարութիւններու մասին:
«ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ» ծրագիրը սկիզբ առած է 2020-ի Մարտին, COVID-19 –ի ճգնաժամի ընթացքին, արձագանգելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան առաջարկին, առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները ընդլայնելու միտումով: Այս ծրագիրի շնորհիւ, եօթը լեզուներով հասանելի նախագիծին միացած շուրջ 1500 մասնակից հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը բացայայտելու, քննարկումներուն մասնակցելու եւ հաղորդակցելու հնարաւորութիւնն ունեցաւ:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ, ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ դոկտ. Երուանդ Զօրեան նշեց. «Վերջին հինգ տարիներուն ՀՀՀ-ի կրթական հարթակը առիթ տուաւ հանրութեան, որ գիտելիքներ քաղեն մեր դասընթացքներէն եւ պատմական-մշակութային բազմաբնոյթ ծրագիրներէն: Մենք կրցանք ազգային հարուստ ժառանգութիւնը առցանց հասցնել բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են հայոց պատմութեամբ, մշակոյթով եւ լեզուով: ՀՀՀ-ի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան առաքելութիւնն է կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու միջոցով պահպանել եւ տարածել հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը»:
ՀՀՀ-ի կրթական հարթակին կրնաք գտնել մօտաւորապէս 40 նիւթ՝ հայոց լեզուի, պատմութեան, ճարտարապետութեան, երաժշտութեան, կրօնի, խոհանոցի, ճատրակի եւ այլ նիւթերու մասին: Նիւթերը մեծ մասամբ քաղուած են ՀՀՀ-ի ել. գիրքերէն, առցանց դասընթացքներէն եւ ՀՀՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկներէն:
Ծրագիրի կազմակերպած առցանց աշխատանիստերու եւ դասախօսութիւններու ընթացքին, մասնակիցները կարելիութիւնը կ'ունենան հետեւելու հիւր-բանախօսներու ներկայացուցած փաստերուն՝ հայոց պատմութեան, մշակոյթի, աւանդոյթներու եւ տօներու մասին:
ՀՀՀ-ի կրթական հարթակը անվճար ծրագիր է եւ հասանելի է եօթը լեզուներով` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն:
ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ կարելի է մուտք գործել արձանագրուելով այս էջին։
Դիտեցէ՛ք «ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ» ծրագիրի տեսահոլովակը։
Դիտեցէ՛ք «Լուսիկ Ագուլեցիի տուն-թանգարանը եւ ազգային տօներու հոյակապ աշախարհը»
առցանց դասախօսութեան տեսագրութիւնը։