Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) առցանց կրթական հարթակը՝ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ), կը նշէ իր հիմնադրութեան 15 ամեակը: Առցանց առաջին դասընթացքը սկիզբ առած է 14 Յունիս 2009-ին. 150 ուսանող հետեւած է ՀՀՀ-ի առաջարկած Հայոց լեզուի եւ Հայոց պատմութեան դասընթացքներուն, որոնք մատուցուած են դասաւանդման 6 լեզուներով:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը 15 տարուան ընթացքին կրցած է ընդլայնել ուսումնական-կրթական ծրագիրները՝ հաւատիրիմ մնալով իր առաքելութեան: Այսօր, ՀՀՀ-ի ծրագիրները հասանելի են բոլորին՝ անկախ հետեւողներու եւ ուսանողներու տարիքէն, բնակութեան վայրէն եւ գիտելիքներու մակարդակէն:
Եկէք հետեւինք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի բացառիկ ընթացքին:
Ամէն ինչ սկիզբ առաւ 2004-ին, շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ դոկտ. Երուանդ Զօրեանի: Անոր տեսլականն էր ունենալ կրթական այնպիսի ծրագիր մը, որ կրնայ բաւարարել սփիւռքահայերու, Հայաստանի հայութեան եւ հայկական մշակոյթով հետաքրքրուողներու պահանջքները:
5 տարուան ընթացքին տեսլականը իրականացաւ եւ յաջորդող 15 տարիներուն կազմուեցաւ առցանց կրթութեան լաւագոյն լուծումներով առաջնորդուող կրթական առցանց հարթակ մը՝ հայագիտական կրթութեամբ հետաքրքրուողներուն համար:
Առ այսօր, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին հետեւած է աւելի քան 43, 000 ուսանող՝ 135 երկիրներէ: Ամէն տարի հազարաւոր ուսանողներ կը հետեւին ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, որոնք կը մատուցուին դասաւանդման 8 լեզուներով:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը ժամանակի ընթացքին համալրուած է նոր դասընթացքներով եւ ծրագիրներով: 20 տարուան ընթացքին ՀՀՀ-ը եղած է թէ՛ կրթական, եւ թէ՛ մշակութային առցանց ձեռնարկներու եւ ընկերային յատուկ ծրագիրներու առցանց հարթակ:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրին միացած է 67 կեդրոն՝ դպրոցներ, համալսարաններ եւ համայնքային կառոյցներ, որոնք իրենց ուսումնական ծրագիրին կողքին կը հետեւին նաեւ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն:
Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ նիւթերուն նուիրուած ներգործօն ել. գիրքերուն կը հետեւի աւելի քան 38,000 օգտագործող:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի 15 տարուան երթը՝ տեսանիւթով:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր գործընկերներուն, աջակիցներուն եւ ուսանողներու մեծ ընտանիքին:
15 տարիէ ի վեր իրականացուած հայկական կրթութիւն: