login
Յօդուածներ
Բացառիկ Ուսանող Նազարէթ Սէֆէրեանի Պատմութիւնը 08/31/2011
Նազարէթ Սէֆէրեանը ներգաղթած հայ է, որ հիմա Երեւան կ\'ապրի: Ան Գանատա լիբանանահայ ընտանիքի մը մէջ ծնած է: Ընտանիքը յետագային կը տեղափոխուի Հնդկաստան ուր Նազարէթը եւ իր երկու եղբայրները իրենց մանկութիւնը կ\'անցընեն եւ կրթութիւն կը ստանան: 1998ին միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք Նազարէթ Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ ուսանելու համար Հայաստան կու գայ: Համալսարանը աւարտելէն վերջ ան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ կը մասնագիտանայ հասարակական առողջապահութեան ասպարէզէն ներս եւ միաժամանակ Քեմպրիճ Համալսարանի կայուն առաջնորդութեան հեռակայ կրթութեան դասընթացքներուն կը հետեւի: Սէֆէրեանները տունին մէջ միշտ հայերէն խօսած են. «Երբ Հայաստան եկայ, հայերէնս զգալիօրէն բարելաւելու կարելիութիւն ունեցայ, հոս նաեւ ռուսերէն սորվեցայ: Սակայն Հայաստան ապրած տարիներուս ընթացքին հայոց պատմութեան վերաբերեալ մասնագիտական գիտելիքներ ձեռք բերելու հնարաւորութիւն շատ քիչ ունեցայ»,- ըսաւ Նազարէթ: Նազարէթը Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանին մէջ հայոց լեզուի քանի մը դասընթացք յաճախած է, բայց պատմութեան որեւէ դասընթացք չէ ունեցած: Ան իբրեւ հայ նաեւ իր պատմութիւնը կը փափաքէր ճանչնալ եւ աւելի մանրամասն ուսումնասիրել: Երբ Հայկական Համացանցային Համալսարանին մէջ հայոց պատմութիւն սորվելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, ան մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց այս եզակի առիթը եւ 2009 թուականի աշնանային ուսումնական շրջանին միաժամանակ երկու դասընթացքի առձանագրուեցաւ: Բոլոր դասընթացքներէն Նազարէթը ընտրեց հին շրջանի հայոց պատմութիւնը: Ասիկա այն բնագաւառն էր, որուն մասին ան քիչ բան գիտէր: Անոր ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր նաեւ իր պատմութեան նկատմամբ ունեցած մեծ հետաքրքրութեամբ: «ՀՀՀի դասընթացքները ինծի հայոց պատմութիւնը ճանչնալու հնարաւորութիւն տուին եւ հիմա ես աւելի համարձակ եւ ինքնավստահ կը մասնակցիմ հայոց պատմութեան վերաբերեալ զրոյցներուն կամ քննարկումներուն: Երբ կը համեմատեմ անցեալին տեղի ունեցած եւ այսօր տեղի ունեցող դէպքերը, ուղղակի կ\'ապշիմ տեսնելով թէ պատմութիւնը ինչպէս ամբողջութեամբ կը կրկնուի»,- կ\'ըսէ Նազարէթ: Իր խօսքը ամբողջացնելով, ան ըսաւ որ ազատ, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրելուն համար ուրախ է եւ հպարտ: ՀՀՀի դասընթացքները Նազարէթին դրդեցին, որ ան պատմութեան վերաբերեալ ինքնուրոյն ուսումնասիրութիւններ կատարէ: Նազարէթը յուսով է, որ ՀՀՀի դասընթացքները հայոց պատմութեան վերաբերեալ ամբողջական պատկերացում կազմելու հնարաւորութիւն կու տան եւ Հայաստանի պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութիւնները լիարժէքօրէն ըմբռնելու կարելիութիւն կ\'ընձեռէն: Ան կ\'ակնկալէ նաեւ որ յետագայ դասընթացքները հայ գրականութեան մասին գիտելիքներով կը հարստանան: Նազարէթի կարծիքով ՀՀՀ սփիւռքահայութեան համար հզօր զէնք մը կրնայ ըլլալ, նա՛ մանաւանդ երիտասարդներուն, որոնց համար հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի իմացութիւնը կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի: Ան իր ընկերներուն արդէն խորհուրդ տուած է հետեւիլ ՀՀՀի դասընթացքներուն: Նազարէթի արդիւնաւէտ փորձը անվիճելի օրինակ է սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող բոլոր հայերուն համար. «ՀՀՀն ինծի տալով իմ սեփական պատմութեան իմացութիւնը, մեծապէս օգնեց որ աւելի լաւ եւ ճիշդ հասկնամ հայերուն եւ հայաստանը, ուստի եւ աւելի լաւ հայ մը դառնալու մղեց զիս»: