Արեւմտահայերէնը Հայաստանի Մէջ. Մարտահրաւէրներ Եւ Հեռանկարներ
11/26/2016
26 Նոյմբեր, 2016-ին, ՀՀՀ-ը մասնակցեցաւ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի Մէջ. Մարտահրաւէրներ Եւ Հեռանկարներ» խորագիրը կրող համաժողովին: Համաժողովը կազմակերպած էր «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան Երիտասարդաց Խորհուրդը, ՀՀ Կրթութեան Նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ:
Համաժողովին մասնակցած էին յայտնի լեզուաբաններ, հայագէտներ, պետական եւ ոչ -պետական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: ՀՀՀ-ի կողմէ ներկայ էր արեւմտահայերէնի հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանը: «Նորագոյն Ճարտարագիտութիւնը Եւ Հայկական Կրթութիւնը» խորագիրով զեկոյցին մէջ, ան խօսեցաւ արեւմտահայերէնի ներկայ իրավիճակի եւ ՀՀՀ-ի փորձառութեան մասին: Ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս ճարտարագիտութեան միջոցով կրնանք պահպանել արեւմտահայերէնը: Ներկաները, յատկապէս բարձր գնահատեցին ՀՀՀ-ի դասաւանդման մօտեցումը, որ կը նպաստէ հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ճանաչման: Այս առումով, Զեփիւռ Խպլիկեան նշեց. « Չի բաւեր, որ մենք հայերէն լեզուն սորվինք. արեւմտահայերէնը կը գոյատեւէ, եթէ մենք կարդանք եւ խօսինք, օրինակ, Գառնիի եւ Գեղարդի մասին՝ արեւմտահայերէն լեզուով»:
Ան իր խօսքի աւարտին փաստեց, որ ՀՀՀ-ը այն հարթակն է, ուր կարելի է յաղթահարել այնպիսի խնդիրներ, որոնց կը բախինք աւանդական դասաւանդման ընթացքին: