2015 –ին ՀՀՀ-ի Ել. Գիրքը Ունեցաւ Աւելի Քան 12.000 Հետեւող
10/01/2015
2015 -ին ՀՀՀ-ի մուլթիմետիա ել. գիրքերու շարքը, իր երկու հրապարակումներով, ունեցաւ աւելի քան 12.000 ընթերցող: Ամէն օր, ներբեռնումներու թիւի յաւելումի շնորհիւ, ել. գիրքերու շարքը դարձաւ ռահվիրայ՝ հայագիտական ոլորտին մէջ։
Այս շարքի նպատակն է տեղեկութիւններ տրամադրել սփիւռքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին ճանչնալ Հայաստանը։ Ել. գիրքերով կը հետաքրքրուին թէ´ համալսարանական եւ թէ´ ընդհանուր լսարանը։ Թէեւ կ՚արծարծուին հայկական նիւթեր, բայց այդ մէկը երբեք արգելք չի հանդսանար օտար ընթերցողներուն, որ նոյնպէս ընթերցեն, որովհետեւ նիւթի ներկայացման նորարարական մօտեցումը, արդի եւ ճարտարագիտական միջոցներով, գրաւեց եւ´ հայ, եւ´ օտար ընթերցողը:
Ել. գիրքերու շնորհիւ ՀՀՀ-ն շարունակեց հաւատարիմ մնալ իր առաքելութեանը, բացայայտելով պատմական, մշակութային եւ լեզուական արժէքները: