login
Յօդուածներ
Պրահա- Հայերը Հիւրընկալեցին ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահը 03/17/2016
17 Մարտ, 2016-ին, Չեխիայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը հիւրընկալեց ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեանը։ Այստեղ, ան հանդիպում ունեցաւ դեսպան՝ Տիգրան Սեդրակեանին, գաղութի ղեկավարներուն, մանկավարժներուն, « Օրեր» ամսագիրի եւ կայքի խմբագիրներուն, հայկական շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն եւ գաղութի այլ անդամներուն հետ։ Այս հանդիպումը մէկն էր աշխարհասփիւռ գաղութներ կատարուած այցելութիւններէն։ Նպատակն էր, ՀՀՀ-ի միջոցով նոր շունչ հաղորդել հայկական կրթութեան։ Հանդիպումի ժամանակ Դոկտ. Զօրեան տեղեկութիւն ստացաւ Պրահայի հայ համայնքի գործունէութեան մասին։ Քննարկեց ՀՀՀ-ի միջոցով առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնը ե՛ւ անհատներու ե՛ւ շաբաթաօրեայ դպրոցներու համար։ Երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Պրահայի երիտասարդ ներկայացուցիչներուն եւ ՀՀ-ի հիւպատոս՝ Աննա Աւետիսեանի հետ։ Ներկաները քննարկեցին գաղութը յուզող խնդիրները եւ սփիւռքի երիտասարդներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ ՀԲԸՄ-ի երիտասարդական ծրագիրները, յատկապէս, ճարտարագիտութեան նորագոյն միջոցներով ՀՀՀ-ի տրամադրած առցանց դասերը, հետաքրքրութիւն առաջացուցին երիտասրդներուն մէջ։ Անոնք որոշեցին երիտասարդական ծրագիրներուն միանալու շարք մը հնարաւորութիւնները ուսումնասիրել։ Այս այցելութիւնը համագործակցութեան նոր հորիզոն մըն է, Պրահայի գաղութի հետ։