login
Յօդուածներ
Թումանեանը՝ Իմ Աչքերով 09/05/2014
Հայկական տարբեր գաղութներու եւ կրթական կեդրոններու մէջ, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, հիպրիդ ծրագիրով, կը շարունակէ յաջողութեամբ ծաւալել իր գործունէութիւնը: ՀՀՀ-ի ուսուցիչներու կազմակերպած Յովհաննէս Թումանեանի տուն- թանգարանի առցանց այցելութիւնը, ուսանողներուն մէջ սերմանեց հայկական ինքնութեան զգացողութիւնը: Հայ մեծ բանաստեղծի 145 ամեակին նուիրուած, «Թումանեանը՝ Իմ Աչքերով» խորագիրը կրող Թումանեանի թանգարանի այցելութիւնը, վերածուեցաւ հիանալի մշակութային առցանց միջոցառումի: Ձեռնարկը հետաքրքրեց շատերուն եւ յաջողութեամբ իրագործուեցաւ Ռոստովի, Թբիլիսիի եւ Պուէնոս Այրէսի հայկական համայնքներուն մէջ: Ուսանողները, մասնակցութիւն բերին ոչ միայն առցանց ներկայութեամբ, այլեւ իրենց համայնքներու ընկերային-մշակութային ոգին փոխանցելով: Ռոստովի, Թբիլիսիի եւ Պուէնոս Այրէսի ուսանողներուն առաջարկուած էր բեմականացնել հայ մեծ գրող եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւնները: Արդիւնքները ե՜ւ հաճելի էին ե՜ւ զարմանալի. Ռոստովի ուսանողները, հիպրիդ ծրագիրի իրենց ուսուցչուհիի՝ Արմինէ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ փոքրիկ ներկայացում մը պատրաստած էին, հիմք ընդունելով Թումանեանի «Բարեկենդանը»: ՀՀՀ-ի նուիրեալ ուսանողներէն՝ թիբիլիսիցի Անժելլա Սարոյեանի շնորհիւ, Թբիլիսիի ուսանողները ասմունքեցին գեղեցիկ հատուածներ Թումանեանի վիպերգներէն: Իսկ, Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան հիբրիդ դպրոցի ուսուցչուհիներ Էլենա Աշճեանի , Ալիսա Խաչատրեանի եւ հիպրիդ ուսանողներու ստեղծագործական համատեղ ջանքերու շնորհիւ ներկայացուեցաւ «Կիկոսի Մահը» եւ «Արկած Գրադարան Մէջ» ստեղծագործութիւնները: Այս առցանց միջոցառումը համագործակցութեան նոր ոլորտներ ապահովեց Թբիլիսիի, Ռոստովի ՀՀՀ-ի հետեւողներու եւ Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի Մարի Մանուկեան դպրոցի միջեւ: Միջոցառումը հիանալի առիթ մըն էր, որ մշակութային միեւնոյն հովանիին տակ համախմբուին հայկական տարբեր գաղութներու մէջ ապրող երիտասարդները: Հաւատարիմ մնալով ՀՀՀ-ի առաքելութեանը, ստեղծուեցաւ առցանց համայնք՝ աշխարհասփիւռ հայութեան: