login
Յօդուածներ
Թեքսասի աշակերտներուն Հայող ցեղասպանութեան դասաւանդումը՝ աշխարհագրութեան դասապահին 01/17/2023

ՀՀՀ-ի կրթականի բաժինի ղեկավար Մարինէ խաչատուրեանը եւ Օսթընի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի  Global Scholars Diploma ծրագիրի տնօրէն Մայքլ Գանինկհէմը քննարկեցին Թեքսասի դպրոցի երկրորդական բաժինի աշակերտներուն Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցելու հնարաւորութիւնը ծրագիրով մը, որ կարելի է դասաւանդել աշխարհագրութեան նիւթի դասապահի ընթացքին:  

 

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսանը, Օսթընի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդը եւ Թէքսասի աշխարհագրութեան ուսուցիչները համագործակցաբար մշակեցին յատուկ ծրագիր: Ծրագիրը կը բաղկանայ երկու մասէ. առաջին մասը կը բովանդակէ որոշ վարժութիւններ, իսկ երկրորդը՝ երկօրեայ դասընթացք Հայաստանի աշխարհագրութեան մասին:

 

Ծրագիրին մէջ ներառուած է նաեւ հայոց պատմութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն: Այս ծրագիրին շնորհիւ Թեքսասի ուսանողները պիտի ծանօթանան տարբեր մշակոյթներու եւ երկիրներու աշխարհագրութեան:

 

Դասընթացքին կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ  TAGE կայքի միջոցով:  Այս ծրագիրին կրնան հետեւիլ Թեքսասէն աշխարհագրութեան 3000 ուսուցիչ:  Ուսանողներուն համար նոր եւ բացառիկ առիթ մըն է, այսպիսով աշխարհագրութեան դասաւանդումն ալ նոր թափ կը ստանայ: