Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Աշնան, Մատրիտի Մեսրոպ Մաշտոց կիրակնօրեայ դպրոցը սկսաւ հետեւիլ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիպրիթ ծրագիրին: Ուսուցչուհիներ Աննա եւ Տիանա Համբարձումեանները Երեւանի մէջ կայացած «Սփիւռք» ամառնային ծրագիրին մասնակցելու ատեն ծանօթացան ՀՀՀ-ի մատուցած այն ծառայութիւններուն, որոնք կը տրամադրուին աշխարհատարած հայկական վարժարաններուն: Անցեալ տարի անոնք հետեւեցան ուսուցիչի վերապատրաստման ծրագիրին եւ ստացան փորձագէտի համապատասխան վկայագիրներ:
2018-ի Սեպտեմբերին սկիզբ առաւ համագործակցութիւնը դպրոցի եւ ՀՀՀ-ի միջեւ: Այսօր, մօտաւորապէս 50 աշակերտներ կը հետեւին ՀՀՀ-ի արեւելահայերէն լեզուի առցանց դասընթացքին՝ սպաներէն լեզուով:
Հայերէն լեզուի դասընթացքէն բացի, վարժարանը կը հետեւի նաեւ ՀՀՀ-ի տարբեր ծրագիրներուն: Երեւանի հիմնադրման 2800 ամեակին նուիրուած ընկերային ձեռնարկին միջոցով, աշակերտները ծանօթացան քաղաքի հին եւ նոր պատմութեան, առցանց պտոյտ մը կատարեցին Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ այցելեցին թանգարաններ: ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւագալեանը նպաստեց ձեռնարկի իրականացման:
Մեծ ոգեւորութեամբ, դպրոցը մասնակցեցաւ Երեւանի հիմնադրման 2800 ամեակին նուիրուած մէկ այլ ձեռնարկին: Անոնք, ՀՀՀ-ի այլ աշակերտներու եւ ուսանողներու հետ մասնակցեցան «Էրեբունի - Երեւան» երգի տեսահոլովակի պատրաստման: Տեսահոլովակի ամենայիշարժան պահերէն պիտի մնայ այն պատկերը, երբ Մատրիտի թագաւորկան պալատին դիմաց խուբ մը աշակերտներ կ’երգեն «Էրեբունի Երեւան»ը՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն փուչիկները օդը բարձրացուցած: