login
Ներսէն Հայեացք
«ՀՀՀ-ի ծրագիրը աւարտած իւրաքանչիւր անձ կրնայ գնահատել հայոց լեզուն» 09/12/2022

ՀՀՀ-ի շրջանաւարտներէն Արա Իշանեան ծնած եւ հասակ առած է Նիւ Եորք, հայկական ընտանիքէ ներս: Երբ մանուկ էր, հակառակ ծնողներուն ջանքերուն, հայերէն սորվիլը իրեն համար բաւականին դժուար էր: Սական, քանի մը տարի ետք, ամէն ինչ կը փոխուի...


Պատանեկութեան տարիներուն, քիչ-քիչ աւելի կ'ընդգրկուի հայկական գաղութի մէջ: Աւելի ուշ, ընտանիքին հետ Հայաստան կատարած այցելութենէն ետք, իր մէջ կ'առաջանայ հայերէն սորվելու գիտակցութիւնը: Արագ պրպտում մը կը կատարէ եւ
անմիջապէս կ'արձանագրուի ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի դասընթացքին:  


Արան կ'ըսէ.« 2022 թուականի Մարտին ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի ամբողջ ծրագիրը աւարտեցի:  Հետաքրքրական ընթացք մըն էր: Հիմա երբ աշխատանքիս բերումով Գալիֆորնիա կը մեկնիմ, ազգականներուս կը հանդիպիմ եւ անոնց հետ ժամերով հայերէն կը խօսիմ»:  


Յաջորդ այցելութեան ընթացքին, Արան կը խոստանայ Հայաստանի մէջ միայն հայերէն խօսիլ: Հայերէն սորվիլ փափաքողներուն կը խրախուսէ հետեւիլ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն.« Ծրագիրը աւարտող իւրաքանչիւր անհատ իսկապէս պիտի գնահատէ հայոց լեզուն, ՀՀՀ-ը եւ այն անձնակազմը, որուն շնորհիւ ծրագիրն ու ուսումնական գործընթացը իւրայատուկ կը դառնայ»:


Ուսումնական իր ընթացքին մասին Արան յատուկ նիւթ մը պատրաստած եւ ներկայացուցած է:
Կ'առաջարկենք, որ հետեւիք:
 

Սեղմեցէ՛ք այստեղ տեսանիւթը դիտելու համար: