login
Ներսէն Հայեացք
Երիտասարդ մասնագէտի ուսումնասիրութեան նոր նիւթը՝ Հայոց լեզուն եւ պատմութիւնը 03/22/2022

Արժանթինի Ռոսարիօ քաղաքէն Ռիքարտօ Թորրէս հայագիտութեամբ կը զբաղի եւ մեծ հեռանկարներ ունի: 

«Ես սպանական եւ իտալական արմատներ ունիմ, բայց հայերէնը զիս շատ գրաւեց:  Անոր համար իմ դոկտորական աշխատանքի ղեկավարս  խորհուրդ տուաւ, որ հետեւիմ ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն»:

 

Ռիքարտօն, միջազգային յարաբերութիւններու գիտութեան դոկտոր է: Այժմ կը հետեւի Ռոսարիօ քաղաքի ազգային համալսարանի (UNR) տնտեսագիտութեան ճիւղին: Ան որոշած է նաեւ ստանալ մագիստրոսի կոչում՝ հայոց լեզուի եւ պատմութեան մէջ:

 

«Արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն կը սորվիմ, անշուշտ ՀՀՀ-ի դասընթաքցքներու եւ հեռավար ուսուցիչներու շնորհիւ: ՀՀՀ-ի եւ UNR-ի կազմակերպած հայոց պատմութիւն հիպրիթ ծրագիրին կը հետեւիմ: Հայերէն կը սորվիմ, որովհետեւ իմ բժիշկս   1988-ին, առաջին պատերազմին, այնուհետեւ 2016-ին  Արցախ կը գտնուէր:  Հիմա այդ շրջանի դէպքերուն մասին գիրք կը գրեմ:  Յատկապէս 2020-ի պատերազմէն ետք  եղած դէպքերը կը ներկայացնեմ: Կը փափաքիմ տիրապետել արեւմտահայերէնին եւ արեւելահայերէնին, ինչպէս նաեւ կ'ուզեմ հայոց պատմութեան գիտելիքներս զարգացնել»։

 

ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչ Գոհար Գէորգեան կ'ըսէ. «Ռիքարտօ Թորրէս ՀՀՀ-ի արեւմտահայերէնի դասընթացքի ամէնէն աշխոյժ մասնակիցներէն է: Որպէս դասախօս Ռոսարիօ ազգային  համալսարանի՝ խումբ մը ուսանողներու հետ հայերէն կը սորվի: ՀՀՀ-ի եւ  Ռոսարիօ ազգային  համալսարանի միջեւ հաստատուած երկարատեւ համագործակցութիւնը անգամ մը եւս կը շեշտէ հիպրիթ կրթութեան կարեւորութիւնը:  Ռիքարտօն կը հետեւի արեւմտահայերէնի նախամիջին մակարդակին եւ լեզուական դժուարութիւններն ու խնդիրները յաջողութեամբ կը յաղթահարէ»:

 

Թէեւ դժուար է հայերէն բարդ բառերը արտասանելը, բայց հակառակ անոր Ռիքարտօն երբեք չի յուսահատիր եւ միշտ կը մասնակցի ՀՀՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ լեզուի գործնական հանդիպումներուն:

 

Գոհար Գէորգեան կը նշէ. «Իր տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքին, հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութեան շնորհիւ միշտ կը հասնի յաջողութեան»:

 

Ռիքարտօն խօսքը կ'աւարտէ ըսելով. «Մեծ ուրախութեամբ խորհուրդ կու տամ հետեւելու ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն, որովհետեւ բարձր մասնագիտացուած եւ ճիշդ կազմակերպուած ծրագիր է. Հայերէն առցանց սորվելու լաւագոյն միջոցն է»:

 

Արժանթինի Ռոսարիօ քաղաքի ազգային համալսարանը (UNR) Լատին Ամերիկայի առաջին համալսարանն է, որ 2021 թուականէն ՀՀՀ-ի դասընթացքները ընդգրկած է իր ուսումնական ծրագիրին մէջ: Լեզուի դասընթացքներէն բացի, ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու միջոցով ուսանողները կը ծանօթանան Հայաստանին, հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին, առաւել կը մասնակցին  ՀՀՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկներուն եւ կրթական տարբեր ծրագիրներուն: