login
Ներսէն Հայեացք
Մարի Խաչիկեան. Յոյս, հաւատք, սէր եւ վճռականութիւն 09/15/2013

Մարի Խաչիկեանը հետաքրքրասէր եւ աշխոյժ ուսանող մըն է: Ան իր համայնքին մէջ մեծ գործունէութիւն ունի: Մարին Ֆրանսայի Վալանս քաղաքէն է, ուր մեծ թիւով հայ ընտանիքներ կ’ապրին: Մարին ապահովագրական ընկերութեան մը մէջ կ’ աշխատի, երեկոեան Հայկական Համացանցային Համալսարանը կը սորվի, իսկ իր ազատ օրերը կը նուիրէ համայնքին:


Մարի Խաչիկեանին հայրը հայ է, իսկ մայրը ֆրանսացի: Իր երկու եղբայրներուն ` Կիյոմի եւ Մաթիոյի հետ ֆրանսայի մէջ մեծցած է: Ան կարելիութիւն չէ ունեցած հայկական դպրոց հաճախելու եւ հայկական եկեղեցի այցելելու: Իր արմատներու մասին բոլոր տեղեկութիւնները զանազան նակարներու, Հայաստանի մասին պատրաստուած տեսապատկերներու եւ գիրքերու միջոցով ստացած է, որոնք իր մայրը յաճախ գնած է իր համար: Հետաքրքրասէր Մարին, պզտիկ տարիքին առանձինը սորված է հայերէն այբուբենը:
 

Մեծնալով Ֆրանսայի մէջ, ան միշտ փափաքած է հայերէն խօսիլ եւ Հայաստան այցելել: Ան միշտ հպարտացեր է իր հայկական արմատներով, բայց բնաւ հնարաւորութիւն չէ ունեցած լաւ տեղեկութիւն ստանալ հայկական մշակոյթի մասին:
Մարին պատանի հասակին որոշեց հայկական եկեղեցւոյ մէջ կնքուիլ: Ինչպէս ինքը ըսած է, այդ որոշումը շատ կարեւոր էր իր համար. այն իր «հայկական» կեանքի սկիզբը կը խորհրդանշէր։

 

Միւս կարեւոր իրադարձութիւնը Մարիին կեանքին մէջ «Սփիւռք-Հայաստան կապ» կազմակերպութիւնը յայտնաբերելն էր: Ան այս կազմակերպութեան մասին իր հայ ընկերոջ շնորհիւ իմացաւ:
 

Մարին սկսաւ իր ժամանակին մեծ մասը կազմակերպութեան նուիրել: Ան կը կազմակերպէր հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ, նաեւ բարեգործական խումբեր կը ղրկէր Հայաստան:
 

Ան Հայաստան առաջին անգամ 2008 -ին այցելած է : Ետքը առիթ ունեցած է քանի մը անգամ եւս այցելել: Իսկ 2011-ին ան իր ծնողքին խնդրեց միասին երթալ Հայաստան եւ Արցախ:
 

Մարին երկար ժամանակ հայերէնի ուսուցիչ փնտռած էր, սակայն ապարդիւն: Օր մը իր Փարիզի ընկերներէն մէկը իրեն կը պատմէ Հայկական Համացանցային Համալսարանի մասին: Մարին անմիջապէս կայք կը մտնէ եւ հայերէն դասընթացքի կ’ արձանագրուի: Հայերէն սորվելու իր երազանքը կարծես կ’իրականանայ: «Ինծի համար շատ կարեւոր է հայերէն սորվիլը, որովհետեւ այն հայկական ինքնութեան կարեւոր խորհրդանիշն է»,- ըսաւ ան ՀՀՀի կրթա-մշակութային ծրագիրին մասնակցելու՝ Էջմիածին այցի ժամանակ, որը օնլայն ընկերներու հետ հանդիպելու շատ լաւ հնարաւորութիւն էր:
 

Այսպիսով, ան վերջապէս գտաւ հայերէն սորվելու իր ճամբան: «Ես առաջին անգամ 2010-ին արձանագրուեցայ եւ մեծ ոգեւորութեամբ սկսայ սորվիլ հայերէն»,- ըսաւ Մարին:
 

Մարին արդէն 500 բառ գիտէ: Ան հիմա շատ դիրութեամբ կրնայ կազմել հայերէն նախադասութիւններ եւ իր միտքը արտայայտել: Ուսուցիչները քաջալերեցին իրեն իր մեծ կամքի ոյժին համար: «Ես հայկական կրթութիւն չեմ ստացած , նոյնիսկ հայ աղջկայ արտաքին չունիմ, բայց հայերէն սորվիլը իմ արմատներուն մօտենալու ուղին կ’ ըլլայ»,-ըսաւ ան:
 

Մարին իր սկզբունքներուն հաւատարիմ է. կը հաւատայ, որ միշտ կրնայ գտնել ճամբայ մը իր նպատակներուն հասնելու: Ան կը սիրէ եւ կը գնահատէ իր մշակոյթն ու արմատները, ինչն ալ իրեն ոյժ կու տայ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու: Հայկական Համացանցային Համալսարանը իրեն տուաւ հայկական մշակոյթին մօտիկ ըլլալու , ինչպէս նաեւ հայոց լեզուն սորվելու այդ մեծ կարելիութիւնը:
 

Սեղմեցէք այստեղ Էջմիածին կատարած այցը տեսնելու
 

Յարութ Եկմանեան