Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
ԱՄՆ-ի Թեքսաս նահանգի Տէլ Վալէ երկրորդական վարժարանի ՀՀՀ-ի ուսանող Խուլիօ Վրկարա Սալկատոնը աւարտեց ՀՀՀ-ի Հայոց պատմութեան դասընթացքը եւ վկայական ստացաւ:
«Պատմութիւն շատ կը սիրեմ: Շատ հաճելի եւ հետաքրքրական է ծանօթանալ այլ երկիրներու մշակոյթին: Շատ ուրախ եմ, որ գիտելիք ստացայ հայ ժողովուրդի եւ հայկական մշակոյթի մասին»:
Փրոֆէսորը դասընթացքը ներկայացնելէ անմիջապէս ետք, պատանի ուսանողի մէջ հայոց պատմութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն առաջացած է:
Ան կ'ըսէ. «Հիանալի է հայ ժողովուրդի մղած հերոսական պայքարը՝ յանուն իր անկախութեան: Այս ոգին պէտք է ունենայ ամէն երկրի ժողովուրդ»:
«Որոշ անկարողութիւններ ունեցող մարդիկ, ինչպէս ես, աւանդական ուսումնառութեան մէջ մեծ յաջողութիւններ չարձանագրելու պատճառով կը նախընտրեն առցանց ուսուցման հետեւիլ»: Ապա խօսքը կը շարունակէ. «Առցանց դասընթացքի հետեւիլը բացառիկ առիթ է: Այսպիսի դասընթացքներու շնորհիւ ուսանողը ինք կրնայ տնօրինել ուսումնառութեան գործընթացը եւ իր կարողութիւններուն համաձայն տրամադրել անհրաժեշտ ժամանակը: Բոլոր մարդոց, իմ ընկերներուս, կը յանձնարարեմ, որ հետեւին այս ծրագիրին: Առցանց այսպիսի մեթոտով կրնաս ամէն ինչ ընել, յատկապէս եթէ ունենաս Անիին պէս հոյակապ դասախօս մը, որ պատրաստ է տրամադրելու անհրաժեշտ աջակցութիւնը: ինծի համար ուսումնառութեան ընթացքը իսկապէս հաճելի էր»:
ՀՀՀ-ի հեռավար դասախօս Անի Տեկիրմէնճեան կ'ըսէ. « Խուլիոն շատ հետաքրքրուած է հայոց պատմութեամբ: Ան մեծ ոգեւորութեամբ հետեւեցաւ դասընթացքի ծրագիրի բոլոր մակարդակներուն, սերտելով հայոց պատմութիւնը սկզբնական շրջանէն մինչեւ նոր ժմանակները»:
Տէլ Վալէ երկրորդական վարժարանը (Թեքսաս, ԱՄՆ) 2021 թուականին հետեւեցաւ ՀՀՀ-ի Հայոց պատմութեան դասընթացքին, հիպրիթ ծրագիրին միջոցով: Նպատակն էր պարզել հայոց ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճիրներու դրդապատճառն ու անոնց ունեցած հակազդեցութիւնը: 6 ուսանողներ ամբողջ դասընթացքը աւարտեցին եւ ստացան ՀՀՀ-ի վկայականները: