login
Տարրական արեւելահայերէն
Հասանելի է տարբեր լեզուներով՝
infoՈւսանողի մասնակցութեան տեսակները

Արեւելահայերէնի դասընթացքը հնարաւորութիւն կու տայ ուսանողներուն բազմաթիւ բառեր սորվելու եւ այդ բառերով զանազան նախադասութիւններ կազմելու: Միեւնոյն ատեն անոնք կարելիութիւն կ’ունենան անսխալ գրելու` սորվելով ուղղագրական որոշ կանոններ: Ուսանողները նաեւ հնարաւորութիւն կ’ունենան կարդալու տարբեր երկխօսութիւններ եւ բնագիրներ: Իւրաքանչիւր դասի աւարտին կը կատարեն ուսուցողական վարժութիւններ:

Ուսումնական շրջանի օրացոյց 2025

ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԴԱՍԸՆԹԱՑՔ
Ձմեռ 2025Դեկտեմբեր 6 (Ուրբաթ) - Դեկտեմբեր 22 (Կիրակի) 2024Յունուար 6 (Երկուշաբթի) - Մարտ 11 (Երեքշաբթի)
Գարուն 2025Մարտ 7 (Ուրբաթ) – Մարտ 23 (Կիրակի)Ապրիլ 7 (Երկուշաբթի) – Յունիս 10 (Երեքշաբթի)
Ամառ 2025Յունիս 6 (Ուրբաթ) – Յունիս 22 (Կիրակի)Յուլիս 7 (Երկուշաբթի) – Սեպտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)
Աշուն 2025Սեպտեմբեր 5 (Ուրբաթ) - Սեպտեմբեր  21 (Կիրակի)Հոկտեմբեր 6 (Երկուշաբթի) – Դեկտեմբեր 9 (Երեքշաբթի)

Ակնկալուող մասնակցութեան սանդղակ (ժամեր/շաբաթ)

  • Նիւթեր (ձայնա- տեսա- եւ թեքսթային)-1 - 2 ժամ
  • Քննարկումներ-2-3 ժամ
  • Առաջադրանքներ - 2-3 ժամ
  • Ակնկալուող շաբաթական զբաղուածութիւն - 5-8 ժամ

Մասնակիցները պէտք է`

  • Կապի մէջ ըլլան իրարու հետ ֆորումներու, քննարկումներու եւ ձայնա-տեսահաղորդակցութեան միջոցով:
  • Ընթերցեն եւ օն-լայն քննարկեն բնագիրները եւ դասանիւթերը:
  • Աշխատին պզտիկ խումբերով եւ անհատապէս` գործածելով օն-լայն միջոցներու ամբողջ համակարգ մը:

Դասընթացքի բովանդակութիւնը

  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ածականի բաղդատութեան աստիճան, հոմանիշ բառեր, հականիշ բառեր, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, կէտադրութեան նշաններ, յատուկ եւ հասարակ գոյական, կապ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, հրամայական եղանակ (հաստատական եւ ժխտական խոնարհում), կապ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ապառնի ժամանակ (հաստատական եւ ժխտական խոնարհում), կապ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, ցուցական դերանուն, «Է» էական (օժանդակ) բայի ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակը (հաստատական եւ ժխտական խոնարհում), «գիտեմ» պակասաւոր բայի ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակը, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, որակական մակբայ, անդրադարձ բայ, հաւաքական գոյական, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, տեղի մակբայ, շաղկապ, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:
  • Բնագրային բառեր, բառակապակցութիւններ, արտայայտութիւններ, նախադասութիւններ, անցեալ անկատար ժամանակ, ժամանակի մակբայ, «ունեմ» պակասաւոր բայի ներկայ եւ անցեալ անկատար ժամանակը, երկխօսութիւններ, բնագիրներ, բառապաշար:

Ուսուցման արդիւնքները

Դասընթացքը աւարտելէ ետք ուսանողները կը տիրապետեն պարզ հաղորդակցութեան անհրաժեշտ բառապաշարին եւ քերականական գիտելիքներուն: Անոնք ձեռք կը ձգեն առօրեայ պարզ խօսքը լսելու եւ հասկնալու կարողութիւնը: Ընդհանուր առմամբ իրենց առօրեայ կեանքի, շրջապատի, բնակութեան վայրի, նախասիրութիւններու, գնում կատարելու, աշխատանքի բնոյթի, ժամանցի եւ տօներու մասին ազատօրէն արտայայտուելու կարելիութիւնը կ'ունենան: Օգտագործելով եւ կիրառելով դասերու բառապաշարն ու քերականական գիտելքները, ուսանողները կ'իւրացնեն կարճ գրութիւններ կարդալու եւ գրելու հմտութիւնը:

 

Դասընթացքի դասացուցակը

Եթէ ընտրէք մասնակցութեան կանոնաւոր ընթացքը (regular program), ամէն շաբաթ մէկ դաս կը տրամադրուի: Ուս. շրջանը կը տեւէ ինը շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը: Իսկ եթէ ընտրէք մասնակցութեան երկարատեւ ընթացքը (slow-mode program), երկու շաբաթը մէկ նոր դաս մը կը տրամադրուի. այս պարագային ուս. շրջանը կը տեւէ տասնվեց շաբաթ, ներառեալ ծանօթացման շաբաթը:

Շաբաթ 0

Ծանօթացման շաբաթ
Ուսանողը կը ծանօթանայ կրթական առցանց տիրոյթի, ուսանողի ուղեցոյցի հետ, կ՚ամբողջացնէ իր նկարագիրը (profile), կը մասնակցի ֆորում-քննարկումին։ Այս ընթացքին ուսանողը կը ծանօթանայ նաեւ թեքնիք պահանջքներուն, հաղորդակցական եւ կրթական միջոցներուն, կ՚ընտրէ ժամային գօտին՝ ուսման ընթացքին հեռավար ուսուցիչի հետ կապ պահելու համար։

 

Շաբաթ 1-8

Դաս 1-8
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ

Շաբաթ 1-16

Դաս 1-8
Առաջադրանքներ եւ վարժութիւններ - երկարատեւ ընթացք

 

Շաբաթ 4

Միջանկեալ քննութիւն

Շաբաթ 8

Միջանկեալ քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

 

Շաբաթ 8

Աւարտական քննութիւն

Շաբաթ 16

Աւարտական քննութիւն – երկարատեւ ընթացք

Դասընթացքի պահանջքները եւ գնահատման կարգը

Ուսանողները պէտք է աշխոյժօրէն մասնակցին օն-լայն քննարկումներուն, ֆօրըմներուն, չաթերուն, անհատական եւ խմբային աշխատանքնորուն, ինչպէս նաեւ որոշուած ժամանակացոյցերուն յանձնեն առաջադրանքները: Ուսանողը պէտք է ծանօթանայ եւ ենթարկուի ՀՀՀ-ի Ակադեմիական Քաղաքականութեան
հետ:
Ուսանողներու յառաջադիմութիւնը կը գնահատուի ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին հաւաքած գնահատականներուն հիման վրայ, որ կը գոյանայ հետեւեալ սկզբունքներով.
20% -մասնակցութիւն
20% -առաջադրանքներ
30% -միջանկեալ քննութիւն
30% -աւարտական քննութիւն
Ուսանողին աշխատանքը պիտի գնահատուի տառերու ձեւով համաձայն ՀՀՀ-ի Գնահատման Քաղաքականութիւնը:

Օնլայն ուսուցիչներ

teacher
Զեփիւռ Խպլիկեան

Դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը

Ելեկտրոնային նիւթերը պատրաստուած են օգտագործման համար դիւրին եւ լսարանի համար մատչելի սկզբունքով: Աշխատանքներն ու քննարկումները, զորս պիտի վարեն օն-լայն ուսուցիչները, կը նախատեսեն ներգրաւել ուսանողները պատմական իրադարձութիւններն ուսումնասիրելու եւ մանրամասն վերլուծութիւն կատարելու: Անհատական եւ խմբային առաջադրանքներու օգնութեամբ ուսանողները պիտի կատարեն ճշգրիտ ուսումնասիրութիւններ` փոխանակելով տեղեկատուութիւնը դասընկերներու հետ: Այն ուսանողները, որոնք սեփական ներդրում կ’ունենան իրենց ուսման մէջ, աւելի նպաստաւոր վիճակի մէջ պիտի ըլլան:

Դասընթացքի նիւթերը

Օն-լայն դասանիւթերը տպագրելու անհրաժեշտութիւն չկայ: Անոնք դասերու մաս կը կազմեն: Ուսանողները պէտք է կարդան, լսեն, դիտեն ամբողջ նիւթը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնները: Օն-լայն դասանիւթերը կազմուած են ընդհանրապէս հասանելի մասնագիտական լեզուաբանական գրականութեան, գիտական ուսումնական ծրագիրներու, մասնագիտական ամսագրերու մէջ վերջերս տպագրուած հրապարակութիւններու, ինչպէս նաեւ դպրոցական ուսումնական ծրագիրներու հիման վրայ:

Դասընթացքի գրականութեան ցանկը

  • Ս. Ս. Մինասեան, Վ. Ն. Յարութիւնեան, Ն. Ս. Այվազեան, Լ. Վ. Պետրոսեան, Երեւանի պետական համալսարան, Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթ. «Առաւել գործածական եզրերու բառարան (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն)», (Երեւան, 2000)
  • Ս. Գալստեան. «Ուսումնական ձեռնարկ. Արտասահմանեան քաղաքացիներու նախապատրաստական ֆաքուլթեթներու համար», (Երեւան, 1968)
  • Ս. Գալստեան եւ Գրիգոր Գարեգինեան «Հայերէն զրուցարան», (Երեւան, 1990)