ՀՀՀ-ի Եւ Ռոսթովի Համայնքի Համագործակցութիւնը
07/25/2016
2016-ին ամբողջացաւ ՀՀՀ-ի եւ Ռոսթովի հայ համայնքի համագործակցութեան 5-րդ տարին: Համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2011-ին, երբ տեղի ունեցաւ ՀՀՀ-ի աշխատանոցի բացումը հայկական համայնքի կեդրոնին մէջ: Առաջին դասարանը բաղկացած էր 30 ուսանողէ: Այնուհետեւ համայնքի ղեկավար Յարութիւն Սուրմալեանի, գործադիր տնօրէն Սերկէյ Սայատովի եւ հիպրիթ ծրագիրի նուիրեալ ուսուցչուհի Արմինէ Վարդանեանի համատեղ ջանքերով, ծրագիրը ընդարձակուեցաւ եւ ուսանողութեան թիւը հասաւ 250-ի: Ուսանողները կը վկայեն, թէ ՀՀՀ հնարաւորութիւն կու տայ, որ աւելի մօտ կանգնին իրենց արմատներուն: Արեւելահայերէնի դասընթացը աւարտած եւ վկայական ստացած Սերկէյ Թամրազեան կը նշէ. «ՀՀՀ-ի վկայականը ինծի համար լրացուցիչ խթան է, սակայն մեծ արժէք ունի մայրենի լեզուի իմացութիւնը: Իմ պարտքն է սորվիլ նախնիներուս եւ ծնողներուս լեզուն: Մենք պէտք է մտածենք մեր ապագայի մասին: Եթէ հայերը հայերէն չխօսին, ո՞վ պիտի խօսի»:
ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը կրցաւ գրաւել ռուսախօս ուսանողները, իր բազմաթիւ իւրայատկութիւններով, ընկերային-մշակութային ձեռնարկներով եւ առցանց այցելութիւններով: Առցանց ձեռնարկները, խաղերը, մրցոյթները առիթ կը հանդիսանան կապ հաստատելու այլ համայնքներու հետ՝ ամբողջացնելով կրթական հիմնական ծրագիրը: