ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը 2013 թուականի Digitecexpoին Կը Մասնակցի
10/04/2013
Այսօր, ճարտարագիտութիւնը բաւական արագ կը զարգանայ եւ կը տարածուի: Ամեն տարի DigitecExpoն մեծ կարելիութիւն կու տայ հետաքրքրուող ընկերութիւններուն ճարտարագիտական զարգացումներուն համընթաց քալելու եւ մեծ լսարանի համար տեղեկատութիւնը հասանելի դարձնելու:
Այս տարի Հոկտեմբերի 4-էն 6-ը Երեւանի համակարգչային գիտահետազօտական հաստատութեան մէջ DigitecExpo տեղի ունեցաւ: Expoին մասնակցած էին ճարտարուեստական տեղեկատուութիւններու , հաշուապահական լուծումներ տուող, առեւտուրի ընթացքը կառավարող, բարձր ճարտարագիտութեան, երկրաչափութեան, մուլթիմետիա, օնլայն կրթութեան, օնլայն կառավարման ոլորտին մէջ աշխատող բազմաթիւ ընկերութիւններ, առեւտուրի շահաւէտ պայմաններ ստեղծելու ոչ միայն Հայաստանի , այլ նաեւ միջազգային ընկերութիւններու հետ:
Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հետ ներկայացուց վերջերս մեկնարկած իրենց համատեղ ծրագիրը: Անոնք դասընթացքէն որոշ հատուածներ ցուցադրեցին : Ճատրակ դասաւանդելու այս նոր ձեւը ՀՀՀի եւ ճատրակի ակադեմիայի երկարատեւ աշխատանքի արդիւնքն է: Ծրագիրը մուլթիմետիա է, այսինքն բոլորին, ամեն տեղ եւ ցանկացած պահին հասանելի է: Բացի այդ, ճատրակի միջազգային վարպետ օնլայն ուսուցիչը ամբողջ ուսումնական շրջանի ընթացքին կ’ ուղորդէ ուսանողին եւ այդպիսով ուսումը՝ օնլայն հաղորդակցութեան միջոցով աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ : Դասը հարուստ է հետաքրքրական վարժութիւններով եւ խաղերով, որը նոյնպէս ուսումը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ:
Ցուցահանդէսի բացման օրը, ՀՀՀ տաղաւարը կառավարական պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանը այցելեց: Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ Տոկթ. Երուանդ Զօրեանը եւ ճատրակի ծրագիրի մասնագէտ Աղասի Ինանցը պատուիրակութեանը ցուցադրեցին, ծրագիրի մատչելիութիւնը: Պատուիրակութեան անդամները իրական հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ծրագիրին նկատմամբ եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ճատրակի դասաւանդմանը նոր մօտեցում ստեղծելու համար` սեպելով գեղեցիկ լրացում կառավարութեան քաղաքականութեանը` ճատրակը որպէս պարտադիր նիւթ ներառել դպրոցական ծրագիրին մէջ:
Անկէ ետք, Հայկական Համացանցային Համալսարանի վարչական տնօրէն Աննա Ենգիբարեանը ՀՀՀի գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը համապարփակ ձեւով ներկայացուց:
ՀՀՀի տաղավար տարբեր ընկերութիւններէն երիտասարդ մասնագէտներ այցելեցին, այլ ազգի հիւրեր, ուսանողներ, պզտիկներ եւ նոյնիսկ ճատրակ խաղցողներ, որոնց համար շախմատի օնլայն դասաւանդումը բաւականին նոր եւ շատ հետաքրքիր մօտեցում մըն էր:
Expoի մասնակցութիւնը ՀՀՀին կարելիութիւն տուաւ ներկայացնել օնլայն կրթութեան ոլորտին մէջ ունեցած իր ձեռքբերումները եւ նոր ծրագիրները ոչ միայն գործարար աշխարհին եւ լրատուութեանը, այլ նաեւ ամբողջ հասարակութեանը, հաւաստիացնելով, որ ճատրակ խաղալ կարելի է նաեւ օնլայն սորվիլ ` ՀՀՀի միջոցով: