login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Կրթական Ծրագիրները Հայաստանի Մէջ 12/15/2017

Շուտով Հայաստանէն աւելի շատ մասնակիցներ կը միանան ուսանողներու աշխարհասփիւռ համայնքին, ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրի միջոցով հայերէն սորվելու համար։

 

15 Դեկտեմբեր 2017-ին, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնն ու ՀՀՀ-ը համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրեցին։ Ըստ յուշագիրին հայոց լեզուի դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին Հայաստանի մէջ փախստականներուն, ապաստան ստացածներուն, ինչպէս նաեւ սուրիահայերուն համար, օգնելով աւելի շուտ ներգրաւուելու հասարակութեան մէջ։ Տարեկան մօտաւորապէս 80 մարդ պիտի մասնակցի ՀՀՀ-ի հայերէն լեզուի դասընթացքներուն։

 

Դասընթացքը պիտի կիրառուի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրի հիման վրայ, որ կը զուգորդէ աւանդական եւ առցանց կրթութիւնը։ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը նշեց.« Հայաստանի մէջ փախստականներուն համար բացուող առաջին դասարանն է, որ պիտի օգտագործէ ՀՀՀ-ի հնարաւորութիւնները։ Մենք հպարտ ենք, որ կը համագործակցինք նախարարութեան հետ»։

 

2017-ին, ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի դասընթացքներուն մասնակցած են հայկական 20 դպրոցներ, տարբեր երկիրներէ։ Վերջերս ծրագիրին միացած են. ՀԲԸՄ-ի Փարիզի շաբաթօրեայ դպրոցը (Ֆրանսա), Հայ Աւետարանական Գոլէճը (Պէյրութ, Լիբանան), ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան Տեմրճեան վարժարանը (Քանոկա Փարք, ԱՄՆ), հայոց լեզուի դասընթացքներ-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցի ( Նիւ Եորք, ԱՄՆ), Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գալստաուն ճեմարանը եւ «Լոյս» հայկական շաբաթօրեայ դպրոցը (Սիտնի, Աւստրալիա)։ Կան դպրոցներ, որոնք կը ծրագրեն մօտ ապագային հետեւիլ հայերէնի դասընթացքներուն, ինչպէս՝ Նոր Զելանտայի Օքլատ քաղաքի հայկական կիրակնօրեայ վարժարանը, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքի շաբաթօրեայ դպրոցը, ՀԲԸՄ-ի Հասքովոյի եւ Պուրկասի շաբաթօրեայ դպրոցները (Պուլկարիա)։

 

Յուշագիրի ստորագրութեան ժամանակ ելոյթ ունեցաւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը։ Ան բարձր գնահատեց ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը եւ նշեց.« Աշխարհասփիւռ հայերը միասնակամ պահելու եւ սփիւռքի կառուցուածքի աշխարհագրական փոփոխութենէն առաջացած խնդիրները լուծելու համար կարիքը ունինք ծրագիրի մը, որ Հայաստանէն հեռու ապրող հայերուն առիթ ընծայէ մօտենալու հայկական կեանքին, կրթութեան եւ քաղաքակրթութեան»։

 

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի նախագահ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի անդամ Վազգէն Եագունեանը իր խօսքին մէջ նշեց.« ՀԲԸՄ-ի առաքելութեան կարեւոր ուղղութիւնները եղած են կրթութիւնը, մշակոյթը, մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական ծրագիրները։ Այս նախաձեռնութիւնը կը միաւորէ կրթական եւ մարդասիրական ուղղութիւները։ Այս ծրագիրով մենք կ՚օգնենք մեր սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որ աւելի դիւրին յարմարուին Հայաստանի պայմաններուն»։

 

Լեւոն Մկրտչեանը կարեւորեց Հայաստանի ուսումնական հաստատութիւններու մէջ առցանց ուսուցման անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ. « ՀՀՀ-ի աշխատանքը մեզի համար օրինակ է, որովհետեւ կիրառուող ճարտարագիտական լուծումները եւ ձեւերը կրնանք շատ դիւրին գործադրել հեռավար կրթութեան մեր ծրագիրներուն մէջ»։

 

Ձեռնարկի ընթացքին, Նոր Զելանտայի Հայկական Միութեան ղեկավար՝ Նուպար Եագուպեանը, Փարիզի ՀԲԸՄ-ի շաբաթօրեայ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցիչ Մկրտիչ Պասմաճեանը եւ ՀԲԸՄ-ի Սոֆիայի մասնաճիւղի ատենապետուհի Սոնիա Աւագեան Պետրոսեանը ողջունեցին ներկաները եւ խօսեցան ՀՀՀ-ի հետ իրենց ունեցած փորձառութեան մասին։