login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Ճատրակի Առցանց Ծրագիրը Ներկայացուեցաւ Միջազգային Երկու Համաժողովներու Ընթացքին 10/01/2016
ՀՀՀ-ի համար 2016 թուականը յատկանշուեցաւ ճատրակի երկու միջազգային համաժողովներու մասնակցութեամբ։ «Ճատրակի Ուսուցման Տեսական Եւ Գործնական Հիմնահարցերը Դպրոցի Մէջ» խորագիրը կրող համաժողովը տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, իսկ «Ճատրակի Ուսուցում» համաժողովը՝ Պաթումի (Վրաստան) մէջ։ Հայաստանի Ճատրակի Ակադեմիայի կազմակերպած «Ճատրակի Ուսուցման Տեսական Եւ Գործնական Հիմնահարցերը Դպրոցի Մէջ» խորագիրը կրող համաժողովը տեղի ունեցաւ 2016-ի Հոկտեմբերի 1-ին եւ 2-ին: Համաժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ 20 երկիրներէ։ Բոլորը խօսեցան ճատրակի դասաւանդման իրենց ունեցած փորձառութեան, ձեռքբերումներու եւ ուսումնասիրութիւններու մասին։ ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց դասաւանդման փորձառութիւնը, թէ՛ անհատ ուսանողներու եւ թէ՛ խումբերու համար, հետաքրքրական էր։ ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը իր զեկոյցի ընթացքին ընդգծեց ծրագիրի առաւելութիւնները եւ բացայայտեց ՀՀՀ-ի առցանց դասաւանդման ոճային եւ մանկավարժական մօտեցումները։ Այսպիսով, համաժողովի մասնակիցները եւ հիւրերը ծանօթացան ՀՀՀ-ի ծրագիրի արդի լուծումներուն եւ հնարաւորութիւններուն։ Իսկ, Հոկտեմբեր 25-ին եւ 26-ին ՀՀՀ-ի ճատրակի առցանց ծրագիրը ներկայացուեցաւ FIDE-ի ճատրակի մանկապատանեկան ախոյեանութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցած «Ճատրակի Ուսուցում» համաժողովի ընթացքին: ՀՀՀ-ի ձեռքբերումները հետաքրքրեցին համաժողովի մասնակիցները եւ այս ասպարէզի Եւրոպայի ներկայացուցիչները։ Դոկտոր Յասմիկ Խալափեանը ներկայացուց դասընթացքի գործնական կիրառումի փորձառութիւնը, շեշտելով ձեռք ձգած մեծ յաջողութիւնը։ Երկու համաժողովները առիթ հանդիսացան, որ ՀՀՀ-ի ճատրակի դասընթացքները ներկայացուին լայն լսարանի առջեւ եւ համագործակցութեան նոր եզրեր գտնուին այս ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ։