ՀՀՀ-ը Մասնակցեցաւ «Ռուսաստանի Հայկական Սփիւռքը» Խորագիրով Համաժողովին
10/13/2016
Սոյն թուականի Հոկտեմբերի 13-ին եւ 14-ին, ՀՀՀ-ը մասնակցեցաւ «Ռուսաստանի Հայկական Սփիւռքը» խորագիրը կրող միջազգային երկօրեայ համաժողովին։ Համաժողովը կազմակերպած էին Երեւանի Պետական Համալսարանը, Պատմութեան Ֆակուլտետի Սփիւռքագիտութեան Ամպիոնը եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի հայկական բաժինը: ՀՀՀ-ի անձնակազմն ալ մասնակցեցաւ համաժողովին, քննարկելու համար Ռուսաստանի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, Ռուսաստանի հայերուն բնորոշ առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան պահպանման հետ առնչուող մարտահրաւէրրներու հնարաւոր լուծումները:
ՀՀՀ-ը այս հարցերուն մօտեցաւ կրթական տեսանկիւնէն, ներկայացուց գիտական հետազօտութեան արդիւնքներուն վրայ հիմնուած վերլուծութիւն մը՝ «Հայկական Կրթութեան Եւ Ինքնութեան Ընկալումը Ռուսաստանի Գաղութին Մէջ. Հայկական Համացանցային Համալսարանի Փորձառութիւնը» վերնագիրով: ՀՀՀ-ի գիտաշխատող Տիգրան Եփրեմեան ներկայացուց որակական եւ քանակական տուեալներով հիմնաւորուած իր վերլուծութիւնը, ցոյց տալով Ռուսաստանէն ՀՀՀ-ի դասընթացքներուն մասնակցող ուսանողներու ժողովրդագրական պատկերը, հայկական կրթութիւն ստանալու շարժառիթը եւ ՀՀՀ-ի դերը, ռուսահայերու հայկական կրթական հնարաւորութիւնները հարստացնելու առումով։ Հետազօտութեան համաձայն, հայկական արդիւնաւէտ կրթութեան եւ մշակութային փոխկապուածութեան միջոցով հնարաւոր է պահպանել եւ զարգացնել մշակոյթն ու լեզուն, ուստի, կրթութեան նկատմամբ նորարար մօտեցումը կրնայ նպաստել ինքնութեան պահպանման: