login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Կը Մասնակցի « Հայկական Աշխարհը Համացանցի Մէջ» Միջազգային Գիտաժողովին 08/25/2016
Օգոստոս 25-ին, «Հայկական Աշխարհը Համացանցի Մէջ» երկօրեայ միջազգային գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ ՀՀՀ-ի կրթական նորարարական մօտեցումը։ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ ԵՊՀ-ի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած գիտաժողովին, Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով գիտնականներ եւ հետազօտողներ։ Գիտաժողովի ընթացքին, ՀՀՀ-ն ներկայացուց առցանց կրթութեան ոլորտի իր իւրայատուկ փորձառութիւնը։ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ նոր հեռանկարները, արդի ճարտարագիտութեան շնորհիւ, հասանելի են աշխարհի վրայ տարածուած բոլոր հայերուն։ Այս առումով, ան շեշտեց ՀՀՀ-ի դերը.« Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ՀԲԸՄ-ին, որ հիմնած է Հայկական Համացանցային Համալսարանը։ Այսօր, այս համալսարանը մեծ աշխատանք կը կատարէ, լուծելով հայկական ինքնութեան եւ լեզուի պահպանման հետ կապուած տարբեր խնդիրներ »։ ՀՀՀ-ի Հիմնադիր եւ Նախագահ Դոկտ. Ե. Զօրեան, ՀՀՀ-ի նորարարական գործունէութիւնը եւ նուաճումները ներկայացուց «Հայկական Աշխարհը Համացանցի Գիտակրթական Հարթակի Վրայ» խորագիրը կրող նիստի ընթացքին։ ՀՀՀ-ի զարգացման խումբի ղեկավար Դոկտ. Արթուր Աւագեան խօսեցաւ ուսումնական նիւթերու ուղիներուն մասին, օրինակ բերելով ՀՀՀ-ի առցանց միջոցներու մշակման գործընթացը։ Գիտաժողովի աւարտին տեղի ունեցան քննարկումներ, որոնց միջոցաւ անդրադարձ եղաւ համացանցի շնորհիւ տարածուած հայագիտական ուսումնասիրութիւններու խնդիրներուն։ Մասնակիցները առաջարկեցին իրենց լուծումները՝ հայոց լեզուի հեռավար ուսուցման եւ տեղեկատուութեան անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներու մասին: