Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
26 Մայիս 2018-ին, ՀԲԸՄ-ի ՀՀՀ-ի հիպրիթ ուսանողները միացան Կրենոպլի Հայ մշակոյթի տան նախաձեռնած «Արի Պարի Քոչարի»flashmob-ին, տօնելու համար Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100 ամեակը։
Աշխարհի տարբեր երկիրներէն ՀՀՀ-ի հիպրիթ դպրոցներու աշակերտները պարեցին հայկական քոչարին։ Ապա, ՀՀՀ-ի թեքնիք անձնակազմը ձայնագրուած տեսանիւթերէն պատրաստեց ամբողջական տեսահոլովակ մը: Flashmob-ին մասնակցեցան ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցը (Քանոկա Փարք, ԱՄՆ), ՀԲԸՄ Ալեք եւ Մարի Մանուկեան դպրոցը (Տիթրոյթ, ԱՄՆ), ՀԲԸՄ ՀԵԸ Անդրանիկ պարախմբը (Հալէպ, Սուրիա), ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան դպրոցը (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին) եւ «Աստղեր» պարախմբը (Ռոսթով, Ռուսիա):
Հալէպի ՀԲԸՄ-ի վարիչ քարտուղար Թամար Խապայաեանը նշեց.«Ես կը փափաքիմ իմ շնորհակալութիւնը յայտնել ՀՀՀ-ին, այս կարեւոր առաքելութեան համար։ ՀՀՀ-ը կը նպաստէ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման։ Մեր պարախումբի երիտասարդ սաները մեծ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան այս նախաձեռնութեան»։
Տեսանիւթ՝
Այս մէկը ՀՀՀ-ի նախաձեռնած երկրորդ համընդհանուր ձեռնարկն է, որուն շնորհիւ մեր ուսանողները ցոյց կու տան իրենց տաղանդը, հեռավար կապ ստեղծելով տարբեր երկրներ ապրող իրենց տարեկիցներուն հետ։ Առաջին նախաձեռնութիւնը նուիրուած էր Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան: 21 Փետրուար 2018-ին, ՀՀՀ-ի հիպրիթ դպրոցներու աշակերտները ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Պուլկարիայէն, Նոր Զելանտայէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն միասին արտասանեցին Սիլվա Կապուտիկեանի «ԽօսքԻմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը:
Տեսանիւթ՝