ՀՀՀ-ն Պրիթանական Խորհուրդի Կողմէ Կազմակերպուած Համաժողովին Կը Մասնակցի
10/02/2013
Հայկական Համացանցային Համալսարանը իր եզակի մօտեցումով զգալի տեղ եւ դեր ունի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ: Պատահական չէ, որ ՀՀՀն բոլոր կարեւոր կրթական միջոցառումներու սպասուած հիւրն է:
Հոկտեմբեր 2-3-ը Պրիդանական խորհուրդը''Education: Journey or Destination” վերնագիրով համաժողով մը կազմակերպած էր: ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը, կրթութեան ոլորտին մէջ աշխատող քանի մը այլ հայկական կրթական հաստատութիւններու հետ կիսեց իր ունեցած փորձը:
Համաժողովին բացման օրը ՀՀՀն ելոյթ ունեցաւ: ՀՀՀի հիմնադիր նախագահ Տոկթ. Զօրեանը Հայկական Համացանցային Համալսարանի գործունէութիւնը ներկայացուց ` ցուցադրելով ՀՀՀի մշակած կրթութեան նոր ձեւերը եւ մօտեցումը: Համաժողովի հիւրերէն, կազմակերպիչներէն եւ մասնակիցներէն շատերը քաջածանօթ ըլլալով ՀՀՀի գաղափարներուն, զարմացան երբ լսեցին նոր մեկնարկած ճատրակի դասընթացքին եւ յետագայ ծրագիրերուն մասին: Կրթական նպատակներով գործածուող մուլթիմետիայի միջոցները հետաքրքիր եւ նոր էին շատ մը ուսուցիչներու , դասախօսներու եւ այդ ոլորտի փորձագէտներու համար:
Համաժողովին եւ գործնական աշխատանքներուն ՀՀՀի օնլայն ուսուցիչներն ալ մասնակցեցան: Համաժողովի հիմնական նիւթերէն մէկը՝ անգլերէնի ուսուցումը որպէս օտար լեզուն էր: ՀՀՀի մօտեցումը շատ հետաքրքական էր, որովհետեւ հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու կը սորվեցնէ 7 լեզուներով: Բացի այդ, մասնակիցները որոշ նոր գաղափարներ ներկայացուցին քննութեան պատրաստման, դասարանի կառավարման եւ կրթական այլ թեխնոլոկիաներու վերաբերեալ:
''Education: Journey or Destination” հարցումին պատասխանը առիթ կու տայ մտածելու ՀՀՀի չորս տարուայ ճամբորդական ուղղութեան մասին: