login
Յօդուածներ
Ամման, Յորդանան-Նոր Վայր ՀՀՀ-ի Ընդլայնուած Քարտէզի Վրայ 12/17/2015
17 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ամմանի հայկական գաղութը հիւրընկալեց ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը, որ հանդէս եկաւ յատուկ դասախօսութեամբ : Ան ներկայացուց ՀՀՀ-ի նպատակները, ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ նոր հեռանկարները եւ առաջարկները՝ Ամմանի հայկական գաղութին: Գաղութի տեղւոյն խորհուրդի ջանքերուն շնորհիւ, Ամմանի Աշրաֆիէ թաղամասը գտնուող Իւզպաշեան-Կիւլպէնկեան ազգային վարժարանի «Յովհաննէս Փանոսեան» սրահը հաւաքուած էին մարդիկ, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու «Համացանցը՝ Հայերու Վերամիաւորման Միջոց» խորագիրը կրող դասախօսութեան: Ներկայ էին Յորդանանի առաջնորդ Տէր Վահան Արք. Թօփալեանը եւ հայկական գաղութի անդամները: Մարալ Ներսէսեանի բացման խօսքէն ետք, Դոկտոր Երուանդ Զօրեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքները, ինչպես նաեւ ել. գիրքերու շարքը, ցոյց տալով, թէ ինչպէս համացանցը կրնայ աշխարհասփիւռ հայերը վերամիաւորելու եւ հայկական ինքնութիւնը պահպանելու միջոց դառնալ: Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսութեան: Որոշ աշխոյժ անդամներ, ներառեալ Մարալ Ներսէսեանը, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին սատարելու ՀՀՀ-ին, իր առաքելութիւնը իրագործելու համար, ինչպէս նաեւ տարածելու ՀՀՀ-ի վերաբերեալ տեղեկութիւնները՝ Ամմանի գաղութին մէջ: Հանդիպումը հասաւ իր աւարտին՝ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան սկիզբ դնելով հայկական մէկ այլ գաղութի հետ: