login
Յօդուածներ
«Արի Տուն» ի Այցելութիւնները ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարան 09/10/2015
ՀՀՀ այցելեցին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագիրին մասնակցած 800 երիտասարդներ: Սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀՀ-ի երկարատեւ գործակցութեան շնորհիւ, ամռան երեք ամիսներու ընթացքին կազմակերպուած այցելութիւններուն նպատակն է ներկայացնել կրթական եզակի հնարաւորութիւնը, որ կը տրամադրուի ՀՀՀ-ի օնլայն դասընթացքներու եւ ել. գիրքերու միջոցով։ Մասնակիցները ծանօթացան ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրներուն, առաքելութեանը, նպատակներուն, դասընթացքներուն եւ մուլթիմետիա ել. գիրքերուն: Մասնակցեցան, նաեւ, խմբային խաղերուն, որոնք կը խրախուսեն հարստացնել հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի գիտելիքները: