login
Յօդուածներ
Հալէպի Նաճարեան-Կիւլպէնկեան Վարժարանը Կը Հետեւի ՀՀՀ-ի Պատմութեան Դասընթացքին 11/26/2018

Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան- Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանը աշնանային ուսումնական այս շրջանէն սկսաւ հետեւիլ ՀՀՀ-ի պատմութեան դասընթացքին:

 

2018 –ի Յուլիսին, տեսահաղորդակցութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Կրթական Յանձնախումբի անդամներու, վարժարանի տնօրէնի եւ ուսուցչական կազմին հետ: Հանդիպումի ընթացքին, ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը եւ հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանը ներկայացուցին հիպրիթ ծրագիրը, ցոյց տուին առցանց դասընթացքները, խօսեցան ընկերային առցանց ձեռնարկներու եւ ել. գիրքերու մասին ու պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

 

Մասնակիցները խօսեցան արեւմտահայերէն ուսումնական նիւթերուեւ ուսումնական նոր միջոցներու անհրաժեշտութեան մասին, շեշտելով դերը ՀՀՀ-ի՝ սփիւռքի մէջ հայկական կրթութիւնը խթանելու առումով:

 

Կրթական Յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Մուրատեանը նշեց. «Մենք ոգեւորուած ենք եւ անհամբեր կը սպասենք, որ անմիջապէս կիրառուին այս դասընթացքները վարժարանէն ներս»:

 

10 –րդ կարգի հայոց պատմութեան առաջին դասը տեղի ունեցաւ Զեփիւռ Խպլիկեանի առաջնորդութեամբ, վերջինիս վարժարան կատարած այցելութեան ընթացքին: Այսուհետեւ,վարժարանի 4 -11 կարգերը հնարաւորութիւնը պիտի ունենան հետեւելու ՀՀՀ-ի պատմութեան առցանց դասընթացքին եւ պիտի մասնակցին ընկերային առցանց ձեռնարկներուն ու այցելութիւններուն դէպի թանգարաններ եւ հայկական տեսարժան վայրեր:

 

Ի դէպ, Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանը նախապէս մասնակցած է ՀՀՀ-ի կազմակերպած միջոցառումներուն եւ մաս կազմած է մայրենիի միջազգային օրուան, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100 ամեակին եւ Երեւանի հիմնադրման 2800ամեակին առթիւ պատրաստուած տեսահոլովակներուն: