Բեքինի ՀՀ Դեսպանութիւնը Հիւրընկալեց ՀՀՀ-ի Հիմնադիր Նախագահը
09/23/2015
2015-ը ՀՀՀ-ի առջեւ շարունակեց բանալ նոր հորիզոններ, Ասիոյ մէջ, Սեպտեմբերին, ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտոր Երուանդ Զօրեանի Բեքին կատարած այցելութենէն ետք ։
ՀՀՀ–ի ծրագիրները նախապէս ներկայացուած էին Չինաստանի մեծ քաղաքներէն՝ Հոնկ Քոնկի մէջ: Դոկտոր Զօրեանի Բեքին կատարած այցելութիւնը առիթ էր ամրապնդելու կապերը Չինաստան եւ յատկապէս Բեքին բնակուող, սորվող եւ աշխատող հայերու հետ:
Դոկտ Զօրեանը այցելեց Բեքինի մէջ ՀՀ-ի դեսպանատունը: Զինք ընդունեց Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանը։ Ան ծանօթացաւ, նաեւ, դեսպանատան աշխատակազմի հետ: Այցելութեան ընթացքին Դոկտ. Զօրեանը տեղեկութիւն ստացաւ Բեքինի հայկական գաղութի մասին, ինչպէս նաեւ գաղութի խնդիրներուն եւ յատկապէս կրթական խնդիրներուն մասին:
Ան ներկայացուց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը եւ ծրագիրները, ինչպես նաեւ ել. գիրքերու շարքը: Դեսպանը, լսելով ՀՀՀ-ի տրամադրած կրթական հնարաւորութիւններու մասին, շատ ոգեւորուեցաւ եւ փափաքեցաւ ՀՀՀ-ի ներդրումը ծանօթացնել Չինաստանի գաղութին: