Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Լիզպոնի համալսարանի Արուեստի Եւ Հումանիտար Առարկաներու Դպրոցի 2018-2019 ակադեմական տարին յատկանշուեցաւ «Հայոց Լեզու Եւ Մշակոյթ»ծրագիրի մեկնարկով: Համալսարանը որդեգրեց ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքները՝ կիրառելով աւանդական եւ առցանց կրթութեան մեթոտները։ ՀՀՀ-ի ակադեմական տնօրէն Յասմիկ Խալափեանը եւ հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը տեսահաղորդակցութեամբ հանդիպում ունեցան առաջին մասնակիցներուն հետ:
Կրթական այս նոր ծրագիրը Փորթուկալի մէջ կազմակերպուած հայագիտական առաջին դասընթացքն է, որ իրականացաւ Փորթուկալ-Հայաստան ընկերակցութեան եւ Լիզպոնի համալսարանի համատեղ ջանքերով։ Ծրագիրը հովանաւորած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը։
Այս ծրագիրին մեկնարկը յայտարարուեցաւ Փորթուկալ-Հայաստան ընկերակցութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեանի եւ Արուեստի ու հումանիտար առարկաներու դպրոցի տնօրէն Միկէլ Դամէնի միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրով: Միջոցառման ընթացքին փրոֆ. Միկէլ Դամէն խօսեցաւ համաձայնագիրի կարեւորութեան մասին, շեշտելով, որ ան պիտի խթանէ Փորթուկալի մէջ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի տարածումը: «Հայոց Լեզու Եւ Մշակոյթ»ծրագիրը պաշտօնապէս սկիզբ առաւ 2018-ի Ապրիլին։
Տեսահաղորդակցութեամբ միացած ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Երուանդ Զօրեանը նշեց.«Մենք բարձր կը գնահատենք նոր ձեւաւորուող եռակողմ համագործակցութիւնը եւ պատրաստ ենք աջակցելու անոր յաջողութեան»։
Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ համալսարանի ուսանողները, հայագիտութեամբ հետաքրքրուողները եւ հայկական գաղութի անդամները։