login
Յօդուածներ
Հայերէնի Տարածումը Հիպրիդ Ծրագիրով 11/30/2014
ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիպրիդ ծրագիրը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ կրթական ճիշդ ծրագիր մըն է: Սփիւռք գտնուող հայկական տարբեր վարժարաններ սիրով կ՛ընդունին եւ կը կիրառեն ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրի նորարարական մօտեցումը՝ իրենց դասաւանդման մէջ: Այս ծրագիրը կազմուած է ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքներու նիւթերու հիման վրայ:Այս գրաւիչ ուսումնական մեթոտը, զուգորդումն է աւանդական եւ առցանց կրթական մեթոտներուն: Հիպրիդ ծրագիրին հետեւող ուսանողները, կը յաճախեն իրենց համայնքի դպրոցը, կը հետեւին դասաւանդող ուսուցիչի ծրագիրին: Այս ուսուցիչը կը համագործակցի ՀՀՀ-ի առցանց ուսուցիչին հետ՝ ուսումնական շրջանի ընթացքին: Այսպիսով, երկուքը միասին կ՛օգնեն ուսանողներուն ձեռք ձգելու առաւելագոյն արդիւնքներ: 2014-ի ձմեռնային ուսումնական շրջանին, Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի Հայլեռ կիրակնօրեայ դպրոցը միացաւ ՀՀՀ-ի հիպրիդ ծրագիրին: Սոֆիայի ՀԲԸՄ-ի Հայլեռ կիրակնօրեայ դպրոցի, ՀՀՀ-ի անձնակազմի, Սոնիա Աւագեանի եւ Սոֆիա Հայլեռ կիրակնօրեայ դպրոցի 2 ուսուցիչներու համատեղ ջանքերու շնորհիւ ծրագիրը իրականացաւ: Մօտաւորապէս 20 ուսանողներ արձանագրուեցան արեւելահայերէնի դասընթացքին եւ յաջողութեամբ աւարտեցին զայն: Համայնքային այլ կարեւոր ծրագիրներու շարքին, հիպրիդ ծրագիրը մեծ յաջողութեամբ իր ուրոյն տեղը գրաւեց: ՀՀՀ-ն ներգրաւուեցաւ նաեւ Պուլկարիոյ ՀԲԸՄ-ի ամառնային ճամբարի ծրագրի մէջ, մինչեւ 2014 թուականի Օգոստոս ամիսը: Համայնքի շատ անդամներ, ինչպէս նաեւ հիպրիդ ծրագիրի ուսանողներ, մասնակցեցան ՀՀՀ-ի կազմակերպած առցանց շրջագայութիւններուն, խաղերուն եւ մրցաշարքերուն: ՀՀՀ-ի առաքելութիւնն է ամրապնդել հայկական ինքնութիւնը՝ սփիւռքի մէջ: Այդ առումով, հիպրիդ ծրագիրը իր կարեւոր ներդրումն ունի: