login
Յօդուածներ
IEEE CSIT Գիտաժողովի Հիմնական Զեկոյցը՝ Նուիրուած ՀՀՀ-ի Առցանց Ուսուցման 09/29/2015
29 Սեպտեմբեր 2015 –ին, ՀՀՀ-ի հոգեբարձուներու խորհուրդի անդամ Փրոֆ. Սամուէլ Շուքուրեանը եւ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը ներկայ էին համակարգչային գիտութեան եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան նուիրուած 10-րդ միջազգային գիտաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: Աւելի քան 20 տարուան ընդմիջումէն ետք տեղի ունեցած համաժողովին, ներկայ էին մօտաւորապէս 100 մասնագէտներ՝ աշխարհի 20 երկիրներէն: Գիտաժողովը սկիզբ առաւ Դոկտ. Շուքուրեանի խօսքով։ Ապա, Դոկտ. Զօրեանը բացումը կատարեց ‹‹Տեղեկատուական Ճարտարագիտութիւնը Եւ Կրթութիւնը›› խորագիրով միջազգային խմբային աշխատանքին, որ գիտաժողովի հիմնական նիւթերէն մէկն էր: Արծարծուեցան տարբեր նիւթեր. ինչպէս՝ կրթութեան միջոցները առցանց դարձնելու մեթոտաբանութիւնը, ուսումնական գործընթացի կառավարումը, որակի ապահովումը, ուսումնական ենթակառուցուածքներու եւ գործընթացի կառավարման ու զարգացման օժանդակող միջոցներու հարցերը։ Զեկուցողները ընդգծեցին, որ բոլոր արդիւնքները հասանելի են Երեւանի Պետական Համալսարանի տեղեկատուական ճարտարագիտութեան (SS) կրթական-հետազօտական կեդրոնի եւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համաալսարանի համատեղ ջանքերուն շնորհիւ: ՀՀՀ-ը Հայաստանի մէջ գործող միակ ուսումնակ հաստատութիւնն է, որ արդիւնաւէտ եւ յարմար ձեւով կ՚օգտագործէ Web-ի վրայ հիմնուած տեղեկատուական եւ հաղորդակցական տեղեկութիւնները, իր ուսումնական գործընթացին մէջ: Հանդիպումը գնահատելի էր, իսկ արձագանգը՝ դրական։ Մասնակիցները շեշտեցին ՀՀՀ-ի եւ տեղեկատուական ճարտարագիտութեան (SS) կրթական-հետազօտական կեդրոնի ունեցած մեծ ներդրումը՝ ուսումնական գործընթացին մէջ։