login
Յօդուածներ
Նոր Զելանտայի Հայկական Միութիւնը Միացաւ ՀՀՀ-ի Հիպրիթ Ծրագիրին 12/11/2017

ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան հետեւող դպրոցներու աշխարհագրութիւնը կ՚ընդլայնի Նոր Զելանտայի հայկական միութեան մասնակցութեամբ, որ գործնական քայլեր կ՚առնէ հետեւելու լեզուի դասընթացքներուն՝ յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին։

 

Նոր Զելանտայի հայկական միութեան ղեկավար Նուպար Եագուպեանը, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի հետ համագործակցութիւնը կը համարէ «գաղութի հայ երիտասարդներու ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր մէկ միջոցը»։ Ան ծանօթացած է ՀՀՀ-ի ծրագիրին Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին։

 

15 Հոկտեմբեր 2017-ին, քննարկուեցաւ Նոր Զելանտայի Օքլանտ քաղաքի կիրակնօրեայ վարժարանի մասնակցութիւնը ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրին։ Համայնքի կողմէ ներկայ էին Դոկտ. Զաւէն Փանոսեանը, Նուպար Եագուպեանը, Արսէն Սարգսեանը եւ Գոհար Պաղտասարեանը, իսկ ՀՀՀ-ի կողմէ՝ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը եւ գործառնական տնօրէն՝ Գառնիկ Սեւոյեանը։

 

3 Դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցաւ 2-րդ հանդիպում մը գաղութի անդամներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ ուսանողներու հետ։ Կիրակնօրեայ դպրոցի դասընթացքը պիտի սկսի 2018-ի Փետրուարին։