login
Յօդուածներ
«Nouvelle d’Armenie» Ամսագիրը Կը Ներկայացնէ ՀՀՀ-ը Ճարտարագիտական Միջոցները՝ Կրթութեան Համար 04/10/2017

8 տարուան գործունէութեան ընթացքին, ՀՀՀ-ի մասին անդրադարձած են միջազգային բազմաթիւ լրատուական միջոցներ։ Վերջինը, Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Nouvelles d’Arménie» ամսագիրն էր։

Սոյն ամսագիրը ՀՀՀ-ի գործունէութեան մասին անդրադարձած էր դեռ անցեալ տարի։ Այս անգամ, կրկին անդրադարձած է Ապրիլին լոյս տեսած թիւին մէջ։ Ամսագիրը ընդգծած է ՀՀՀ-ի կարեւորութիւնը՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար, նշելով, որ ՀՀՀ-ը ոչ միայն հայկական կրթութիւն կը տրամադրէ, այլ նաեւ կը հանդիսանայ աշխարհասփիւռ հայութեան միաւորող օղակը։ Յօդուածի հեղինակ Սիմոն Լանտրէն, որ Ֆրանսայի ՀԲԸՄ-ի հաղորդակցութեան բնագաւառի տնօրէնն է, ՀՀՀ-ը կը համարէ ժամանակակից ճարտարագիտութեամբ յագեցած այնպիսի փառաւոր ծրագիր մը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ամբողջ աշխարհի մէջ եւ կ՚ապահովէ իրազեկութեան բարձրացումը՝ առաջարկելով բազմազան ծրագիրներ։ Ան իր յօդուածը կ՚եզրափակէ խօսելով ՀՀՀ-ի «համաժողովրդական յաջողութեան» մասին։

Յօդուածի աւարտին ներկայացուած է ՀՀՀ-ի գործունէութիւնը փաստող որակական եւ քանակական տուեալներ։