login
Յօդուածներ
Հայ-Ռուսական (Սլաւոնական) Համալսարանի Համագործակցութիւնը ՀՀՀ-ի Հետ 04/17/2017

Հայ- ռուսական (սլաւոնական) համալսարանի հետ համագործակցութիւնը սկիզբ առաւ 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին (2016 -ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 2017-ի Յունիս)։ Դասընթացքին կը մասնակցին կառավարման եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինի 16 ուսանող։ Դասընթացքը կը տրամադրուի ռուսերէն լեզուով։ Ուսանողները կրնան յաջորդաբար հետեւիլ ՀՀՀ-ի արեւելահայերէնի դասընթացքի 3 մակարդակներուն` սկսնակ, տարրական եւ նախամիջին։

ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի շնորհիւ, ուսանողները կ՚օգտուին ե՛ւ առցանց ե՛ւ առկայ դասաւանդման ծրագիրէն։

Որպէս ծրագիր, ՀՀՀ-ը կ՚օգտագործէ իր առցանց դասընթացքները։ Ուսանողները, շաբաթը մէկ անգամ, կը հանդիպին ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրը համակարգող Մարինա խաչատուրեանի հետ։

Ուսումնական գործընթացին զուգահեռ, տեղի կ՚ունենան նաեւ ընկերային-մշակութային ձեռնարկներ։ Այսպիսով ՀՀՀ-ը կը միտի, որ ուսանողները ծանօթանան Հայաստանի ընկերային-մշակութային կեանքին։ Այդպիսի ձեռնարկներէն էր դէպի Մատենադարան կատարուած այցելութիւնը, ուղեկցութեամբ՝ Մարինա Խաչատուրեանի եւ ՀՀՀ-ի Հիպրիթ ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանի։

ՀՀՀ-ի համագործակցութիւնը հայ-ռուսական համալսարանին հետ, որ Հարաւային Կովկասի գլխաւոր հաստատութիւններէն մէկն է, կը համարուի նոր ծրագիրի մը սկիզբը միայն։ ՀՀՀ-ը մեծ ներուժ ունի ընդլայնուելու եւ հասանելի դառնալու՝ աւելի մեծ լսարանի համար։