login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ն Մասնակցեցաւ «Strada Armeneasca» Փառատօնին 08/09/2015
Այս տարի, ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը, հայկական տարբեր ծրագիրներու կողքին, մասնակցեցաւ Ռումանիոյ հայերու կազմակերպած «Strada Armeneasca» («հայկական փողոց») փառատօնին: 7-9-ը Օգոստոս, ՀՀՀ-ն , գեղագրութեան տաղաւարին մէջ, հայկական գեղագրական արուեստի կողքին, ներկայացուց իր ծրագիրը, որ կը միտի ժամանակակից եւ արդի ճարտարագիտական միջոցներով, հայկական կրթութիւնը հասանելի դարձնել բոլորին եւ ամէնուր: Փառատօնը գրաւեց թէ´ հայ, թէ´ օտար հազարաւոր մարդոց ուշադրութիւնը։ Այցելուներէն շատեր կը մօտենային հայկական տաղաւարին, ՀՀՀ-ի ել. գիրքերու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար: Յասմիկ Դանիէլեանը եւ Լուիզա Դանազեն մեծ ոգեւորութեամբ կը ներկայացնէին ել. գիրքերու դերը, իբրեւ խթան՝ հայագիտական ոլորտի ուսումնասիրութեան եւ զարգացման համար։ Բացի այդ, Օգոստոս 8-ին, տեղի ունեցաւ յատուկ միջոցառում, որուն ընթացքին մանրամասն ներկայացուեցաւ ՀՀՀ-ի առաքելութիւնը, ծրագիրներն ու ձեռքբերումները։