login
Յօդուածներ
«Հայկական Բարձրաւանդակը» Ելեկտրոնային Գիրքը Ներկայացուեցաւ Երեւանի Բոլոր Դպրոցներու Ղեկավարներուն 10/16/2014
Հոկտեմբեր 16–ին, Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր եւ նախագահ՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը, Երեւանի բոլոր դպրոցներու տնօրէններուն ներկայացուց Հայկական Համացանցային Համալսարանի վերջին նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ ելեկտրոնային գիրքերու շարքը: Միջոցառումին մասնակցած էին մօտաւորապէս 150 դպրոցի տնօրէններ եւ հետաքրքրասէրներու լայն շրջանակ մը։ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանը խօսեցաւ ՀՀՀ-ի նպատակներու, առաքելութեան, ընդգրկուն աշխարհագրութեան եւ արձանագրած յաջողութիւններուն մասին: Ապա, ներկայացուց «Հայկական Բարձրաւանդակը» ելեկտրոնային գիրքը, որ մուլդիմետիա միջոցներով համապարփակ տեղեկատուութիւն է՝ Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ մշակոյթի մասին։ Այս գիրքը հանրութեան կը ներկայացուի անվճար, 7 լեզուներով՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն: ՀՀՀ Վարչական Բաժինի Տնօրէն Աննա Ենգիբարեանը կ՚ըսէ, թէ «Հայկական բարձրաւանդակի պատմութիւնը ներկայացնող բազմաթիւ հանրամատչելի գիրքեր կան, սակայն, այս մէկը եզակի է, նկատի ունենալով մատուցման եղանակը։ Այստեղ բնագիրը, ձայնը, լուսանկարը եւ տեսանիւթը զուգակցաբար կ՚ընթանան եւ ընթերցողը փաստերուն նորովի նայելու հնարաւորութիւն կ՚ունենայ: Այս առումով, ելեկտրոնային գիրքը, յատկապէս աշակերտներուն համար, գրաւիչ է»։ Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպուած վերոյիշեալ միջոցառումը, տեղի ունեցաւ Երեւանի Նիկոլ Աղբալեանի անուան թիւ 19 հանրակրթական դպրոցի մէջ: Համագործակցութիւնը շարունակական է եւ մօտիկ ապագային նոր ծրագիրներ պիտի իրականանան։