login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը ուսումնական շրջան մը եւս յաջողութեամբ ամբողջացուց 06/28/2024

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հետաքրքրական եւ ձեռնարկներով յագեցած Գարնանային ուսումնական շրջանին միացաւ աւելի քան 900 ուսանող:

 

ԱՄՆ-էն, Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Պրազիլէն, Գանատայէն, Գերմանիայէն, Լիբանանէն, Աւստրալիայէն, Անգլիայէն եւ այլ երկիրներէն տարբեր տարիքի ուսանողներ մասնակցեցան ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի առաջարկած անվճար դասընթացքներուն: Այժմ, ուսանողները կրնան հետեւիլ Հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան, Հայկական երաժշտութեան ներածութեան, Հայկական ճարտարապետութեան ներածութեան եւ Ճատրակի դասընթացքներուն:  

 

«ՀՀՀ-ի դասընթացքները, որոնք տարբեր նիւթեր կ'ընդգրկեն, մշակուած են տեսա-լսողական համակարգով:  Հաճելի ուսումնական միջավայր տրամադրող բոլոր միջոցները  ապահովուած են»:

Թիֆէն Պուասօ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ ուսանող, Ֆրանսա

« Ես շատ գոհ եմ:  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ուսումնական ծրագիրը եւ առցանց դասընթացքները շատ լաւ են: Շատ արդիւնաւէտ եւ շատ հետաքրքրական դասընթացքներ են»:

Նիք Պաղտասար
ՀԲԸՄ ՀՀՀ ուսանող, Գերմանիա

 

2024 թուականի Գարնանային ուսումնական շրջանի աւարտին, Հայոց լեզուի դասընթացքի բոլոր մակարդակները ամբողջացուցած 10 ուսանող ստացաւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի վկայականը:  


ՀՀՀ-ի դասընթացքներու յատակնիշներէն մէկն այն է, որ ուսանողները կրնան դասընթացքներուն հետեւիլ իրենց մայրենի լեզուներով:  Այս տարուան Գարնանային ուսումնական շրջանին ուսանողները, որպէս ուսուցողական լեզու ամէնէն շատ ընտրած են անգլերէնը, ապա՝ ռուսերէնը, ֆրանսերէնը, փորթուկալերէնը, սպաներէնը, արեւելահայերէնը, արեւմտահայերէնը եւ թրքերէնը:

 

Բազմաբնոյթ, գիտելիքներով յագեցած եւ ճկուն համակարգով օժտուած դասընթացքները քաջալերեցին ՀՀՀ-ին հետեւած բազմաթիւ ուսանողներուն, որ կրկին միանան եւ արձանագրուին դասերուն:

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը իր ազատ դասընթացքներէն բացի ուսանողներուն կը մատուցէ իրարու հետ կապ հաստատելու եւ հայկական մշակոյթն ու սովորութիւնները լաւ ճանչնալու հնարաւորութիւնը: Այս առումով, Գարնանային ուսումնական շրջանը յագեցած էր  հեռավար ուսուցիչներու իրականացուցած  խմբային հանդիպումներով եւ ընկերային-մշակութային առցանց ձեռնարկներով:

 

Գարնանային ուսումնական շրջանը ճոխ էր ու հետաքրքրական ՀՀՀ-ի Հիպրիթ ծրագիրին միացած 23 հայայկական վարժարաններուն համար: Վարժարանները իրենց ուսումնական ծրագիրին զուգահեռ օգտագործեցին նաեւ ՀՀՀ-ի ծրագիրը:  Առցանց շրջագայութիւններու եւ ընկերային ձեռնարկներու ընթացքին աշակերտները տեղեկութիւն ստացան հայկական տօներու, սովորոյթներու, ինչպէս նաեւ պատմական եւ մշակութային վայրերու մասին: 


Օրինակ, հեռավար ուսուցչուհի Գոհար Գէորգեանի վարած առցանց շրջագայութեան ընթացքին, Տոնի Ռոստովի հայկական համայնքի ուսանողները այցելեցին Երեւանի Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը:

 

Արեւմտահայերէն բաժնի համակարգող եւ հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանի առաջնորդութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի (Լիբանան) աշակերտները առացանց այցելեցին  Կոմիտասի թանգարան ինստիտուտը:

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի Գարնանային ուսումնական շրջանը իսկապէս յաջողութեամբ լեցուն շրջան մը եղաւ: ՀՀՀ-ի անձնակազմը պատրաստ է ընդունելու 2024 թուականի Ամառնային ուսումնական շրջանի ուսանողները: Արձանագրութիւնները ընթացքի մէջ են. դասերը պիտի սկսին Յուլիս 1-ին: