login
Յօդուածներ
ՀՀՀ-ի Համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հայ համայնքներու հետ 11/11/2019

ՀԲԸՄ-ի հայկական համացանցային համալսարանի ծրագիրներուն միշտ կը միանան հայկական նոր համայքներ եւ դպրոցներ։ Օրինակ, Ռուսիոյ հարաւը գտնուող հայկական երկու համայնք կը համագործակցի ՀՀՀ-ի հետ՝ մայրենի լեզուի  ու մշակոյթի սէրը խթանելու համար՝ յատկապէս երիտասարդներուն մէջ:

 

Առաջին խումբը Ռոսթովէն, 2011-ին, հետեւեցաւ ՀՀՀ-ի արեւելահայերէնի առցանց ծրագիրին: Համագործակցութիւնը նոր թափ ստացաւ 2019-ին, շնորհիւ համայնքներու ներկայացուցիչներուն եւ ՀՀՀ-ի աշխատակազմի համագործակցութեան: Ռոսթովէն  7 ուսուցիչներ միացան վերապատրաստման դասընթացքին՝ ծանօթանալու համար առցանց կրթութեան մեթոտին, հիպրիթ կրթութեան առանձնայատկութիւններուն եւ դասընթացքի բովանդակութեան։

 

ՀՀՀ-ը, համայնքի անդամներուն համար պարբերաբար կազմակերպեց առցանց ձեռնակներ։ Այսպէս՝  2019-ի Դեկտեմբերին, Մաշտոցի անուան կիրակնօրեայ դպրոցի սաները ծանօթացան Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի հայկական աւանդութիւններուն, իսկ Ռոսթովի «Արեւիկ» լեզուի խմբակի սաները առցանց Մատենադարան այցելեցին: Համայնքի կայքին մէջ  ՀՀՀ-ի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ, հայոց լեզուի ուսուցչուհի Արմինէ Յովսէփեանը  անդրադառնալով հանդիպման նշած է. «Շնորհակալ ենք ՀՀՀ-ին այս բացառիկ հնարաւորութեան համար: Կը մաղթենք, որ այսպիսի ձեռնարկներ յաճախ կազմակերպուին»:

 

2019-ին սկիզբ կ՚առնէ նոր համագործակցութիւն մը Վլատիքաւքազի «Էրեբունի» կրթամշակութային կազմակերպութեան հետ։ 2020-ի Փետրուարին, կիրակնօրեայ դպրոցի 15 աշակերտներ կը հետեւին ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքին։  ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանի հետ տեղի ունեցած տեսահաղորդակցութեան ընթացքին, համայնքի ուսուցչուհիներէն Ասիա Մարտոյեանը կը նշէ ծրագրի կարեւորութիւնը՝  հայոց լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու առումով։