Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ ՀՀՀ-ը տեսանիւթով մը համախմբեց աշխարհատարած հիպրիթ դպրոցներու աշակերտները, որոնք արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Տաղ հայերէն լեզուին» բանաստեղծութիւնը: Այս ծրագիրին միացան ուսուցիչներ եւ աշակերտներ՝ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Սուրիայէն, Քուէյթէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն: Անոնք ոչինչ խնայեցին սոյն ծրագիրի յաջողութեան համար: Մասնակցող վարժարաններն են՝
Հայ Աւետարանական Գոլէճ, Պէյրութ, Լիբանան,
ՀԲԸՄ-ի Արթաքի Գալփաքեան դպրոց, Աթէնք, Յունաստան,
Հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, OANKO, Վլատիքավքազ, Ռուսիա,
Քուէյթի Ազգային Վարժարան, Քուէյթ,
ՀԲԸՄ-ի Նոր Անգլիայի շրջանի հիպրիթ հայկական դպրոց (NEHAS), Ուաթըրթաուն, ԱՄՆ,
«Արարատ» շաբաթօրեայ դպրոց, Թորոնթօ, Գանատա,
Աղձքի միջնակարգ դպրոց, Արագածոտն, Հայաստան,
ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարան, Հալէպ, Սուրիա:
Տեսանիւթը կրնաք դիտել՝ video:
Մէկ այլ տեսանիւթով մը Ռուսիոյ, Զուիցերիոյ, ԱՄՆ-ի, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ հիպրիթ դպրոցներու աշակերտները ներշնչուած Թէքէեանի բանաստեղծութենէն՝ ներկայացուցին իրենց գծած նկարները:
Մասնակից դպրոցներն են՝
NEHAS դպրոցը, Ուաթըրթաուն, ԱՄՆ,
Թօփալեան հայկական վարժարան, Ժընեւ, Զուիցերիա,
ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարան, Մոնթրէալ, Գանատա,
AVC Lab, Տոնի Ռոսթով, Ռուսիա:
Բանաստեղծութիւնը ընթերցեց Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանէն՝ Կարօ Մէյխանաճեան:
Տեսանիւթը կրնաք դիտել՝ video:
Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առթիւ, ՀՀՀ-ը պատրաստեց արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով տարբեր բացիկներ, որոնք կրնաք ստանալ դիմելով հետեւեալ հասցէին՝ info@avc-agbu.org: