Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Յուլիս 4-ին տեղի ունեցաւ «ԿԱԶԱ» զուիցերական մարդասիրական հիմնադրամի եւ Հայաստանի ֆրանսական համալսարանի կողմէ կազմակերպուած «Արհեստական բանականութիւն. կրթական հարցերն ու ճարտարագիտութեան պատասխանները» խորագիրով համաժողովը: Համաժողովին քննարկուեցան կրթական ոլորտի առկայ մարտահրաւէրները եւ ճարտարագիտութեան ոլորտներու երկխօսութեան զարգացման առաջնահերթութիւնները։
Կրթա-ճարտարագիտական կառոյցներու եւ սթարթափերու (նոր աշխատանք -ծրագիրներու մեկնարկներու) ներկայացումի նիստին ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի Համագործակցութեան եւ գործառնական ղեկավար Արփինէ Թաւաքալեանը ներկայացուց ՀՀՀ-ի գործունէութիւնն ու առաքելութիւնը: Ան ներկայացուց նաեւ ՀՀՀ-ի ունեցած փորձառութիւնը, նշելով մարտահրաւէրներուն արձագանգելու եւ ճարտարագիտական լուծումներ կիրառելու կարողութիւնը։ Ապա անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի աւագ դպրոցի աշակերտներուն համար նախատեսուած «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքին։
Ելոյթէն ետք ներկաները հետաքրքրական հարցումներ հարցուցին: Տեղի ունեցաւ քննարկումներու եւ կարծիքներու փոխանակում, արծարծուեցան գործընթացի հնարաւորութիւններն ու կրթութեան եւ արհեստական բանականութեան միջեւ գործակցութեան զարգացման հեռանկարները: Ներկաներուն մէջ մեծ ոգեւորութիւն առաջացաւ ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն եւ հայագիտական նիւթերուն առցանց դասաւանդման ոլորտէն ներս ՀՀՀ-ի կիրառած ճկուն մօտեցման հանդէպ:
Համաժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՀՀ-ի զարգացման բաժինի աւագ ղեկավար Արթիւր Աւագեանն ու համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան մասնագէտ Նորա Գրիգորեանը։
Ապրիլ 22-էն ի վեր ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը կ'ապահովէ եւ կը կազմակերպէ «Արհեստական բանականութիւն» դասընթացքի առաջին հանգրուանի ուսուցման գործընթացը՝ ել. ուսուցման հիպրիթ ծրագիրով։
Սիլիքոն հովիտի ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղի, Սինոփսիս Արմենիայի եւ Տեղեկատուական ու հաղորդակցութեան ճարտարագիտութեան գործատուներու միութեան կողմէ նախաձեռնուած ու մշակուած դասընթացքը տեղի կ'ունենայ Սինոփսիս հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։