login
Յօդուածներ
ԱՄՆ-էն նոր դպրոցներ կը միանան ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն 12/11/2019

Գալիֆորնիոյ Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու սաները արեւմտահայերէն կը սորվին հետեւելով  ՀՀՀ-ի առցանց դասընթացքին՝ հիպրիթ ծրագիրի ծիրէն ներս։ Դասերը սկիզբ առին 2019-ի աշնան։ Հիպրիթ ծրագիրին շնորհիւ դասերը կը դառնան աւելի հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ, որովհետեւ աւանդական եւ առցանց կրթութեան առաւելութիւնները կը միաձուլուին ու կը կիրառուին ճարտարագիտութեան արդի մեթոտները։ Անշուշտ, ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցչուհի Անի Տեկիրմէնճեան միշտ կը տրամադրէ անհրաժեշտ աջակցութիւնը դասարանի ուսուցչուհի՝ Մայտա Մանոյեանին։

 

Իսկ 2019-ի Դեկտեմբերին, ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութեան ծրագիրը համակարգող Արփինէ Թաւաքալեանը աշակերտներուն համար կազմակերպեց առցանց ձեռնարկ եւ ներկայացուց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան հայկական աւանդութիւնները։

 

2019-ին սկիզբ կ՚առնէ նաեւ ՀՀՀ-ի համագործակցութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդարանի Ազգային ուսումնական խորհուրդի հետ (ANEC), խորհուրդի տնօրէն՝ Մարի Կիւլիւմեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով։ Նշենք, որ ՀՀՀ-ը ամէն ամիս ընկերային-մշակութային առցանց ձեռնարկներ  կը կազմակերպէ  «Սիամանթօ լսարան»-ի աշակերտներուն համար:

 

Առաջնորդարանը նոր քայլեր կ՚առնէ, որ ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթութիւնը կիրառէ  Մասաչուսեթսի, Ռոտ Այլենտի, Նիւ Եորքի, Միշիկընի, Մէրիլէնտի եւ Իլինոյի հայկական դպրոցներուն մէջ։ Մօտաւորապէս 20 ուսուցիչներ կը մասնակցին ՀՀՀ-ի ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին։ Այս ծրագիրին նպատակն է ուսուցիչներուն ծանօթացնել առցանց կրթութեան եւ հիպրիթ կրթութեան առանձնայատկութիւնները ու դասընթացքի բովանդակութիւնը։