login
Յօդուածներ
Ցեղասպանութեան իրազեկում. համաժողով օտար ուսանողներուն համար 12/06/2023

Դեկտեմբեր 4-ը, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի եւ  Օսթընի Համաշխարհային յարաբերութիւններու խորհուրդի համագործակցութեան համար նշանակալից թուական է, որովհետեւ այդ թուականին Ցեղասպանութեան իրազեկման նուիրուած առցանց աշխատաժողով մը կազմակերպուեցաւ, Ցեղասպանութեան հանցագործութեան եւ կանխարգիլման միջազգային օրուան 75-ամեակին առթիւ:


Երկու հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը կարեւոր մէկ իրողութիւն հանդիսացաւ: Այս գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ ի մի եկան Թեքսասի Տէլ Վալէ աւագ դպրոցի աշակերտները, որոնք ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի միջոցով կը հետեւին Հայոց պատմութեան դասընթացքին: Համաժողովին մասնակցեցան աշակերտները, ուսուցիչները, դպրոցի տնօրէնն ու տարբեր երկիրներէ միացած հիւրեր: 


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը, որպէս գնահատանք, պատուոյ կոչում շնորհեց անոնց, որոնք  նպաստած են ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման: Այս գնահատանքով ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը կ'արտայայտէ իր  երախտագիտութիւնը այն անձերուն, որոնք անխոնջ աշխատանքով կը ջանան   կանխել ապագայ անարդարութիւնները:


Դոկտ. Երուանդ Զօրեան կը նշէ. «Ժամանակակից պատմութիւնը պէտք է քննել անցեալի ոսպնեակով»։ Այս կոչը կը պարզէր ձեռնարկի լայն նպատակը, այսինքն կը շեշտէր Ցեղասպանութեան մանրազնին իրազեկութեան կարեւորութիւնը:


Կրթութեան բաժնի ղեկավար Մարինէ Խաչատուրեան ներկայացուց ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի կատարած կարեւոր աշխատանքը եւ իրազեկման նպաստած տարբեր ձեռնարկները: այդ ձեռնարկներէն կրնանք յիշել՝ «Գոյառումի երթը», «Ցեղասպանութիւնը եւ կանանց արձագանգը», «Հայոց ցեղասպանութեան ուղին» եւ«Ցեղասպանութիւնը յայտնի հայ արուեստագէտներու աչքով» եւ այլն:


Հանդիպումին յատուկ գնահատանքի արժանացաւ ՀՀՀ-ի շրջանաւարտ եւ Ցեղասպանութեան քարտէսագրում ծրագիրի ղեկավար Մայք Գանինկհէմ, կրթական ոլորտէն ներս իր ցուցաբերած նուիրումին համար:


Այս համաժողովը ուսանողներուն համար մեծ առիթ էր:  Անոնք առցանց դասընթացքներու, մասնագիտական հանդիպումներու եւ համաժողովներու միջոցով իրենց գիտելիքները հարստացնելու բացառիկ հնարաւորութիւնն ունեցան:


ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի միջոցով ՀՀՀ-ի Հայոց պատմութեան դասընթացքին հետեւող Տէլ Վալէ աւագ դպրոցի աշակերտները մրցանակաբաշխումէն ետք  ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները: Անոնցմէ մէկը նշեց. «Շնորհակալութիւն մրցանակի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալու հնարաւորութեան համար»:


Ուրիշ ուսանող մը նշեց. «Կը կարծեմ, որ պէտք է սորվինք եւ լաւ ճանչնանք Հայոց պատմութիւնը, որպէսզի պատմութիւնը չկրկնուի»: Ապա խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Մենք միայն գիտելիք չենք ստանար, այլ կապ կը հաստատենք այլ մարդոց հետ: Այս ծրագիրը, մինչեւ հիմա դպրոցէն ներս մեր հետեւած ամէնէն սիրելի ծրագիրն է»:  


Փաստօրէն այս համաժողովը Օսթընի Համաշխարհային հարցերու խորհուրդի եւ ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցայի Համալսարանի  համար ոչ միայն նշանակալից հանդիպում էր, այլեւ  ոգեկոչման, իրազեկման եւ կանխարգիլման կարեւորութեան անդրադարձը: