login
Յօդուածներ
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը եւ Հայաստանի թուային (digital) ապագան 11/10/2023

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) հեռավար ուսուցման առաջատար հաստատութիւններէն է Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Այս իսկ պատճառով ՀՀՀ-ը կը հետեւի ճարտարագիտութեան նորութիւններուն եւ զարգացումներուն՝ STEM կրթութեան ոլորտին իր նպաստը բերելու միտումով:  

 

17 Հոկտեմբեր 2023-ին, ՀՀՀ-ը իր մասնակցութիւնը բերաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Silicon Mountains ճարտարագիտական գագաթնաժողովին, ուր ներկայ էին ճարտարագիտութեան ոլորտի մասնագէտներ՝ ներկայացնելու իրենց առաջարկներն ու լուծումները:  

 

ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ, Սինոփսիս ընկերութեան գլխաւոր ճարտարագէտ եւ Սինոփսիս Արմենիա ընկերութեան նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան վարեց «Խելացի երկիր» խորագրով քննարկումի նիստը: 

 

Գագաթնաժողովը հանդիսացաւ Հայաստանի թուային ապագային անդրադարձող այն հարթակը, ուր  մասնակիցները ներկայացուցին իրենց գիտելիքները,  փորձառութիւնը եւ առաջարկեցին նորարար գաղափարներ՝ հայկական ճարտարագիտական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու համար:

 

Նոյն ամսուն, Հոկտեմբեր 25-27-ը, տեղի ունեցաւ մէկ այլ հետաքրքրական համաժողով, Հայաստանի կիրառական քաղաքականութեան հետազօտական ինստիտուտի (APRI)  կողմէ կազմակերպուած՝  «ԱՊՐԻ ֆորում 2023» խորագրով: Համաժողովին քննարկուեցան Հայաստանի մարտահրաւէրները՝ ճգնաժամը յաղթահարելու եւ զարգացման նպաստելու ուղիները:

 

ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ եւ ԱՊՐԻ հիմնադիր խորհուրդի անդամ դոկտ. Երուանդ Զօրեան վարեց համաժողովի երկու նիստերը: 

 

Առաջին նիստը կը կրէր «Համակարգչային եւ տեղեկատուական համակարգերու անվտանգութիւնը փոքր պետութիւններու մէջ» խորագիրը: ՀՀ բարձր տեխնոլոգիական արդիւնաբերութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գէորգ Մանթաշեան ներկայացուց խնդիրի վերաբերեալ իր տեսակէտը: Ներկայացուեցան նաեւ նորարար լուծումներ՝ անվտանգութիւնը ապահովելու միտումով: 

 

Քննարկումի երկրորդ նիստին, դոկտ. Զօրեան եւ Տեղեկատուական համակարգերու կառավարման խորհուրդի քարտուղար Ներսէս Երիցեան քննարկեցին «Թուայնացումի զարգացումը Հայաստանի մէջ» նիւթը, շեշտելով թուայնացման կարեւորութիւնը ի նպաստ Հայաստանի զարգացման: