login
Յօդուածներ
SFedU-ի ՀՀՀ հիպրիթ ուսանողներու պարգեւատրման առցանց արարողութիւնը 02/28/2022

Տոնի Ռոսթովի Հարաւային դաշնային համալսարանի ուսանողներու առաջին խումբը յաջողութեամբ աւարտեցին ՀՀՀ-ի հայոց լեզուի դասընթացքի առաջին մակարդակը եւ ստացան վկայագիրներ։

 
Առցանց մրցանակաբաշխումը վարեցին ՀՀՀ –ի կրթական բաժինի ղեկավար՝ Մարինէ Խաչատուրեանն ու հեռավար ուսուցչուհի՝ Գոհար Գէորգեանը: SFedU-ի տասը ուսանող վկայական ստացան:  Պատրաստած էին նաեւ կարճ ձեռնարկ մը. անոնք ցոյց տուին հետաքրքրական տեղեկութիւններ Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթի եւ տեսարժան վայրերու մասին:

 
ՀՀՀ-ի եւ SFedU-ի միջեւ համագործակցութիւնը հաստատուած է 2021-ին: Ծրագիրը յաջողութիւն ձեռք ձգած է SFedU-ի փրոֆեսոր Օլկա Շեւչենքոյի եւ Նոր Նախիջեւանի հայկական համայնքի գործադիր տնօրէն Սերկէյ Սայաթովի շարունակական ջանքերուն շնորհիւ: Ուսանողները հայերէն կը սորվին իրենց ուսուցչուհի՝ Ծովինար Սարգսեանի եւ ՀՀՀ-ի հեռավար ուսուցիչի օգնութեամբ:

 
Նախիջեւան-Տոնի համայնքը առաջին համայնքներէն է, որ միացաւ ՀՀՀ-ի հիպրիթ կրթական ծրագիրին:  2011-էն AVC Lab-ը առիթ կու տայ բոլոր ուսանողներուն, անկախ իրենց տարիքէն,  որ սորվին հայոց լեզուն եւ ծանօթանան հայկական արժէքներուն: