login
Յօդուածներ
Հայկական Դպրոցները Եւ Համայնքները կը նշեն Յ. Թումանեանի Եւ Կոմիտասի 150 Ամեակները 04/25/2019

ՀԲԸՄ-ի Հայկական Համացանցային Համալսարանի շնորհիւ, հայկական տարբեր դպրոցներ եւ համայնքներ (Զուիցերիա, Պուլկարիա, Ռուսիա, Սուրիա, Լիբանան, Աւստրալիա, Նոր Զելանտա եւ Գանատա) միացան Թումանեանի եւ Կոմիտասի 150 ամեակներուն նուիրուած համընդհանուր տօնակատարութիւններուն։

ՀՀՀ-ը, 2019-ի Փետրուար եւ Մարտ ամիսներուն, հայ հռչակաւոր գործիչներուն նուիրուած 17 առցանց ձեռնարկ կազմակերպեց։ ՀՀՀ-ի կրթական ծրագիրի պատասխանատու Մարինա Խաչատուրեանը, հիպրիթ կրթութեան ծրագիրի պատասխանատու Արփինէ Թաւաքալեանը եւ արեւմտահայերէնի հեռավար ուսուցչուհի Զեփիւռ Խպլիկեանը մասնակիցներու հետ այցելեցին Թումանեանի եւ Կոմիտասի թանգարանները, ներկայացուցին անոնց կեանքը, ստեղծագործական ուղին եւ հետաքրքրական խաղեր կազմակերպեցին։

Հանդիպումները տեղի ունեցան նկատի ունենալով իւրաքանչիւր լսարանի տարիքն ու հետաքրքրութիւնը։ Այս ձեռնարկներուն մեծ ոգեւորութեամբ մասնակցեցան թէ՛ դպրոցականները, թէ՛ անոնց ծնողները եւ թէ՛ համայնքի անդամները։

Ուսուցիչներու օժանդակութեամբ նախապէս պատրաստուած աշակերտները, հանդիպումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ասմունքով եւ երգով։ Նոյնիսկ, Մոնթրէալի ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան դպրոցի աշակերտները յատուկ «անցագիր»ներ պատրաստած էին, Հայաստան առցանց այցելելու հնարաւորութիւնը ունենալու համար։ Այդ պահը իսկապէս յուզիչ էր՝ բոլորին աչքերը արցունքով լեցուեցան…։

«Նոր Զելանտայի հայկական համայնքի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Այս հրաշալի ձեռնարկը այնքան հետաքրքրական էր, որ այսօր, բոլորը միայն այս ձեռնարկի մասին կը խօսին եւ կ՚առաջարկեն յաճախ կազմակերպել նման հանդիպումներ», գրած է Ն. Զ. համայնքի պատասխանատու Նուպար Եագուպեան:

Ռոստովի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի Արմինէ Յովսէփեանը կը նշէ.« Բոլորը շատ ոգեւորուած էին, ուրախ էին։ Հոգեւոր սնունդ ստացանք։ Շնորհակալութիւն: Ներկաները շատ ոգեւորուած էին հանդիպումից։ Հրաշալի բաց դաս ստացուեց»։

Մոնթրէալի «Հայորդաց Օր» շաբաթօրեայ դպրոցի պատասխանատուներէն Սօսի Իսկէնեան- Ֆարրան կը հաստատէ. «Շատ հաճելի էր Թումանեանի եւ Կոմիտասի նուիրուած հանդիպումը։ Մեր աշակերտները շատ լաւ տպաւորուեցան եւ որոշեցին օր մը անպայման այցելել այդ թանգարանները: Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին»:

Իսկ, Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանը յատոուկ տեսանիւթ մը պատրաստած ու զետեղած էր դիմատետրի էջին։ Տեսանիւթին մէջ տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան, աշակերտներու եւ ուսուցիչներու անունով, յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ։
https://www.facebook.com/watch/?v=880539585617039