login
Յօդուածներ
Ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբարն ու մրցաշարքը մեծ յաջողութեամբ հասաւ իր աւարտին 11/28/2024

Ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբարն ու մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ 2024 թուականի Սեպտեմբեր 23-Հոկտեմբեր 20, մեծ յաջողութիւն արձանագրեց:  Հոկտեմբեր 20-ին, մրցաշարքի փակման արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ մրցանակակիրներու անունները:

 

Փակման արարողութեան ներկայ էին.  ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ եւ ՀԲԸՄ-ի փոխնախագահ՝ դոկտ. Երուանդ Զօրեան,  1962-1978 կանանց ճատրակի աշխարհի ախոյեան՝ ճատրակորդ Նոնա Գափրինդաշվիլին, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի նախագահ՝ ճատրակորդ Սմբատ Լպուտեան, ճատրակորդներ ու ճատրակի ախոյեաններ, ինչպէս նաեւ մրցաշարքի մասնակիցներ:  


Մրցաշարքէն առաջ, մասնակիցները միջազգային ճատրակորդ Աննա Սարգսեանի,  Հայաստանի ճատրակի կրկնակի ախոյեան Սամուէլ Տէր Սահակեանի եւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ ճատրակի հեռավար ուսուցչուհի Մանէ Ադամեանի  ղեկավարութեամբ երկու շաբաթ ճատրակի դասընթացքներու հետեւելու առիթն ունեցան:

 

Մրցաշարքը ընթացաւ 6 հանգրուանով: Մասնակիցները բաժնուած էին տարիքային երկու խումբի՝  մինչեւ 12 տարեկան եւ 12-18 տարեկան:  Մրցանակակիրներու անունները յայտարարուեցան փակման արարողութեան ընթացքին: Այսպէս.  

 

  • Մինչեւ 12 տարեկան․
    1-ին դրիքը գրաւեց՝ Արարատ Պաղտասարեան, 11 տարեկան, ԱՄՆ
    2-րդ դիրքը գրաւեց՝ Ալէն Խաչեան, 12 տարեկան, Հայաստան
    3-րդ դիրքը գրաւեց՝ Սոֆիա Բաղրամեան, 8 տարեկան, Հայաստան

     

  • 12-18 տարեկան․ 
    1-ին դիրքը գրաւեց՝ Շահան Ա. Սայիտ-Մովսիսեան, 13 տարեկան, Սէուտական Արաբիա  
    2-րդ դիրքը գրաւեց՝ Դաւիթ Գալստեան, 14 տարեկան, ԱՄՆ
    3-րդ դիրքը գրաւեց՝  Էլինա Սողոմոնեան, 15 տարեկան, Հայաստան

     

Յաղթողները եւ ճամբարի աաշխոյժ մասնակիցները վկայականներ ու մրցանակներ ստացան: Եգիպտոսէն մասնակցող 71 տարեկան Խաչիկ Գասապեան մրցաշարքին խանդավառ հետեւելուն համար ստացաւ յատուկ մրցանակ:  Աւարտին տեղի ունեցաւ ճատրակի խաղ, որուն մասնակցեցան բոլորը: 


ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիմնադիր նախագահ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան ողջոյնի խօսքով այսպէս դիմեց ներկաներուն. «Չորս տարի առաջ՝ համավարակի ընթացքին, այս մրցաշարքը նախաձեռնեցինք, ճատրակասէրները համախմբելու միտումով: Այսօր մենք ունինք ճատրակի յատուկ համայնք, որուն մաս կազմած են 1250 ճատրակասէր, 35 տարբեր երկիրներէ»:  


Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր նախագահ, ճատրակորդ  Սմբատ Լպուտեանն ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր կազմակերպիչներուն,  մասնակիցներուն եւ անոնց, որոնք նպաստեցին այս մրցաշարքի իրականացման: ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը վերջին 4 տարիներուն կարեւոր ներդրում ունեցած է ճատրակի ոլորտի զարգացման մէջ»: 


Առաջին կին յայտնի ճատրակորդ Նոնա Գափրինդաշվիլին մրցաշարքին անդրադառնալով ըսաւ. «Նորարարական մօտեցումը շատ տպաւորիչ է: Ճատրակ սիրող եւ ճատրակով հետաքրքրուողներուն թիւը միշտ աճի մէջ է.  երեւոյթ մը, որուն համար կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին եւ Հայաստանի ճատրակի ակադեմիային: Կը շնորհաւորեմ»:

 

Հայաստանի առաջատար ճատրակորդներէն Ռոպէրթ Յովհաննիսեան շնորհաւորեց յաղթողները եւ խրախուսեց երիտասարդ ճատրակորդները, որ զարգացնեն իրենց հմտութիւնները, այս բնագաւառէն ներս նոր բարձունքներ նուաճելու համար»:

 

Մրցաշարքի ու փակման հանդիսութեան տպաւորութիւնը մեծ էր ու դրական:  ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը անընդհատ գնահատականներ եւ շնորհաւորանքներ կը ստանայ բոլոր մասնակիցներէն:  Հնդկաստանի հայկական մշակութային կեդրոնը նշած է. «Կը շնորհաւորենք ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը։ Շնորհակալ ենք, որ անգամ մը եւս ճատրակի շնորհիւ կրցանք համախմբուիլ»:

 

Այս տարի ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբարին ու մրցաշարքին միացաւ աւելի քան 130 մասնակից՝ 19 երկիրներէ: Բոլոր մասնակիցները քննարկումներուն հետեւելու, ճատրակի խաղերը դիտելու, մասնագիտական դասերուն ներկայ գտնուելու եւ նոր ընկերներու ծանօթանալու ու ճատրակասէրներու համայնքին մաս կազմելու առիթն ունեցան: PACT platform.

 

Ճատրակի համահայկական մրցաշարքը միշտ պիտի նպաստէ ճատրակի զարգացման:

 

Փակման արարողութիւնը կրնաք  այստեղ տեսնել, իսկ Ճատրակի համահայկական 4-րդ ճամբար-մրցաշարքի կարճ ամփոփումը՝ այստեղ: