Առաջարկներ
Ընդունելութիւն
Յունուար 24-ին, ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ը համախմբեց հայկական վարժարանները միասնաբար նշելու 20-րդ դարու մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100 ամեակը:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ դպրոցներու ուսանողները Լիբանանէն, Սուրիայէն, Գանատայէն եւ Զուիցերիայէն նշեցին Սեւակի 100 ամեակը ընթերցելով հատուածներ Սեւակի բանաստեղծութիւններէն:
Նախ՝ հնչեց Պարոյր Սեւակի «Էրեբունի Երեւան» բանաստեղծութիւնը, մասնակցութեամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի եւ Ժընեւի Թօփալեան վարժարանի աշակերտներուն: Ապա Հալէպէն, ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները եւ Մոնթրէալէն ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան վարժարանի աշակերտները ընթերցեցին «Մենք քիչ ենք, բայց հայ ենք» բանաստեղծութենէն հատուածներ:
Բանաստեղծութիւններուն զուգահեռ, Մեսրոպեան, Թօփալեն, Ալեք Մանուկեան եւ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Սարեան ակադեմիայի աշակերտները հանդէս եկան նաեւ բանաստեղծութիւններու միտքէն ներշնչուած համապատասխան գծանկարներով: Աշակերտներու ելոյթներով եւ գծանկարներով պատրաստուած տեսերիզը արժանացաւ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ընկերային ցանցի հետեւորդներուն բարձր գնահատանքին: Շատեր այսպէս արտայայտուեցան. «Շատ արժէքաւոր նախաձեռնութիւն», «Բացառիկ նախագիծ. շնորհակալութիւն ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ին»:
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրի ուսուցիչներն ալ ոգեւորուած էին: Մոնթրէալի Ալեք Մանուկեան վարժարանի ուսուցչուհի Նայիրի Ճիճին նշեց. «Շնորհակալութիւն ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի մեծ ընտանիքին, որ միշտ առիթ կ՚ընծայէ մեր աշակերտներուն՝ մասնակից դառնալու նման հիանալի միջոցառռւմներու։ Ձեր վարձքը կատար»։
ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի հիպրիթ ծրագիրը աւանդական եւ առցանց ուսուցման զուգորդումն է: Այս ծրագիրին շնորհիւ աւանդական ուսուցումը կը հարստանայ նորարար եւ ճարտարագիտական լաւագոյն լուծումներով: Այս ծրագիրին միացած են 66 կրթական հաստատութիւն եւ համայնքային կեդրոն:
Տեսանիւթին հետեւելու համար, սեղմեցէ՛ք հետեւեալ յղումը՝